ՀՀՀ Մուլթիմետիա Ել. Գիրքերու Շարք Ել.Գիրք#3: Դար Մը Պատմութիւն, ՀԲԸՄիութեան,(Գիրք 1) | Page 74

Կիլիկիա հաստատուելէն անմիջապէս ետք, գնդապետ Պրեմոնի վարչութիւնը մօտէն հետաքրքրուեցաւ ամբողջ Կիլիկիոյ մէջ ցրուած հայ որբերու ճակատագիրով: Կիլիկիոյ գլխաւոր կառավարիչը մնայուն կապի մէջ էր Բարեգործականի Կեդրոնին հետ: 1919-ի ընթացքին եւ 1920-ի սկիզբը, շրջանի բոլոր բնակավայրերուն մէջ, ֆրանսական վարչութիւնը հայ կազմակերպութիւններուն դիւրութիւններ տուաւ լքուած հայ երեխաները հաւաքելու եւ որբանոցներ բանալու համար: Ան նոյնիսկ դիմեց տեղական օսմանեան իշխանութեան, որպէսզի վերջինս, խաներ, զօրամասեր եւ այլ տեղեր տրամադրէր այս երեխաներով զբաղող հայ կազմակերպութիւններուն: Ֆրանսան ունէր նաեւ իր սեփական օգնութեան վարչութիւնը՝ Կիլիկիոյ հայրենադարձի եւ օգնութեան ծառայութիւնը, կապուած Հանրային առողջապահութեան եւ օգնութեան ծառայութեան: Անոր ղեկավարը բժիշկ հազարապետ Լուի Ռոլլանն էր: Կիլիկիոյ Ֆրանսայի կողմէ գրաւումէն անմիջապէս ետք ստեղծուած այս ծառայութեան առաքելութիւնն էր օգնել հայրենադարձ հայերու տեղաւորումին: Ծառայութիւնը յատկապէս գործունեայ էր Ատանայի եւ մերձակայ գիւղերուն մէջ, ուր բազմահազար հայեր վերահաստատուեցան բժիշկ Ռոլլանի հսկողութեան տակ: Հայրենադարձներուն այս ծառայութեան կողմէ յատկացուող սնունդը, հանդերձանքը եւ սպիտակեղէնը կը վերցուէին պատերազմական աւարէն: Ծառայութիւնը նաեւ երկրագործական սարքաւորումներ եւ սերմնացու կը բաժնէր իրենց գիւղերը վերադարձող հայ հողագործներուն:7 6 Դեկտեմբեր 1919-ին հայրենադարձի եւ օգնութեան ծառայութիւնը բաժնուեցաւ Հանրային առողջապահութեան ծառայութենէն. անոր ղեկավարութիւնը ստանձնեց տեղակալ Կանիէօն, որուն օգնականն էր տեղակալ Վահան Փորթուքալեանը:8 Ծառայութիւնը Կիլիկիոյ մէջ կը զբաղէր մարդասիրական բազմաթիւ ձեռնարկներով, որոնք արդիւնք էին ֆրանսացիներու նախաձեռնութեան: Ան կը տնտեսէր յատկապէս արհեստանոցներ, ուր ընդհանրապէս կ՚աշխատէին լքուած կամ ապրուստէ զուրկ կիներ եւ մանկամարդուհիներ: ...

կարդալ աւելին

Տեսարան Ատանայէն (Մ. Փապուճեանի հաւաքածոյ):

Միութեան Վերադարձը Կիլիկիա. Յոյսեր Եւ Յուսախաբութիւններ