Միութեան համար Կիլիկիան անծանօթ վայր չէր: Ատանայի 1909-ի կոտորածներէն ետք, ան օգնութեան բազմաթիւ արշաւներ կազմակերպած էր յօգուտ շրջանի հայերուն: Բայց յետ-պատերազմեան փուլին մարտահրաւէրները համեմատութեան ոչ մէկ եզր ունէին նախկին իրավիճակին հետ: Հայրենադարձութիւնը շուրջ 100 000 հայեր հասցուցած էր Կիլիկիա: Ճիշդ է, ընտանեկան եւ հայրենակցական զօրակցութեան...
Ֆրանսական Վարչութիւնը Կիլիկիոյ Մէջ. Վերաբնակեցման Ռազմավարութիւն Եւ Հայրենադարձներու Օժանդակութիւն
Մէկ Փետրուար 1919-ին Կիլիկիա հաստատուելէն անմիջապէս ետք, ֆրանսական վարչամեքենան՝ գնդապետ Պրեմոնի ղեկավարութեամբ, մտահոգուեցաւ հայ գաղթականներու ընկերային կարիքներով եւ իր գործունէութիւնը համակարգեց հայկական մարդասիրական կազմակերպութիւններուն հետ: Ասոնց կարգին էր Բարեգործականը, որուն հետ ֆրանսացի կառավարիչը սերտ կապեր հաստատած էր արդէն պատերազմի ժամանակ, Գահիրէի մէջ:
Ֆրանսացիներու ձեռք առած առաջին միջոցները կը ցուցնեն բացայայտ կամք մը տարածաշրջանի մէջ իրենց ներկայութիւնը տեւական դարձնելու: Գրաւումի առաջին օրէն, երբ միջազգային ոչ մէկ դաշնագիր որոշած էր Կիլիկիոյ կարգավիճակը, ֆրանսական վարչամեքենան զբաղեցաւ տեղական գործերով՝ իր իշխանութիւնը պարտադրելու համար այս մարզին: Այս նպատակին հասնելու համար, սակայն, անհրաժեշտ էր նախ եւ առաջ խաղալ արդարայատոյցի դեր՝ իսլամ բնակչութեան լայն հատուածներ թշնամացնելու ի գին: Որոշած ըլլալով յենիլ հայերուն վրայ՝ գնդապետ Պրեմոնը ստորագրեց կարգ մը հրամանագիրներ, որոնք կ՚արտայայտէին ֆրանսական վարչութեան ցանկութիւնը Կիլիկիոյ մէջ հայերու վերահաստատումին նպաստելու: ...
Միութեան Վերադարձը Կիլիկիա. Յոյսեր Եւ Յուսախաբութիւններ
Կիլիկիոյ մէջ ֆրանսական առողջապահութեան եւ հանրային օգնութեան ծառայութեան տնօրէն բժ. Լուի Ռոլլան (Փարիզի ՀԲԸՄ-ի Նուպարեան Գրադարանի արխիւ):