ՀՀՀ Մուլթիմետիա Ել. Գիրքերու Շարք Ել.Գիրք#3: Դար Մը Պատմութիւն, ՀԲԸՄիութեան,(Գիրք 1) | Page 72

Շրջանին մէջ իր հաստատուելու առաջին պահէն իսկ, ֆրանսական վարչամեքենան բախեցաւ թուրք ազգայնականներու դիմադրութեան. անոնք վճռած էին պայքարիլ այս կարգադրութեան դէմ, որ օտարի կողմէ գրաւում կը նկատէին: Այս սպառնալիքի առկայութեամբ, ֆրանսական իշխանութիւններու ռազմավարութիւնը արեւելքի մէջ կայացաւ յենուելու մէջ տեղական ոչ-թուրք խմբաւորումներուն՝ հայերու, ալաուի արաբներու, քիւրտերու եւ չերքեզներու վրայ: Իսկ այս քաղաքականութեան ամէնէն իրաւացի արտայայտութիւններէն մէկը եղաւ, ի դէպ, տասնեակ հազարաւոր հայերու տեղափոխումը Կիլիկիա: Ասոնք մեծամասնութեամբ կիլիկեցի էին, վերապրած էին սուրիական եւ միջագետքեան անապատներէն, ուր աքսորուած էին:

Դաշնակից հրամանատարութիւնը որոշեց, Յունուար 1919-ին, Սուրիոյ եւ Պաղեստինի գաղթակայաններուն մէջ ապաստանած հայերը վերադարձնել իրենց ծննդավայրերը Փոքր Ասիոյ մէջ: Այս լայնածաւալ գործողութիւնը վստահուեցաւ Ֆրանսայի, որ ստանձնեց անոր ծախսերը: Շատ արագ ստեղծուեցաւ գրասենեակ մը Հալէպի մէջ, որ կը զբաղէր յատկապէս այս հարցով: Հայերու հայրենադարձութեան կեդրոնական ծառայութիւնը զբաղեցաւ գլխաւորաբար տասնեակ հազարաւոր կիլիկեցի հայերու որոնումով Հալէպի եւ Պէյրութի գաղթակայաններուն մէջ: Այս նոյն ծառայութիւնն է, ըսինք արդէն, որ կազմակերպեց պատերազմի ժամանակ առեւանգուած եւ իսլամ ընտանիքներու կողմէ գերեվարուած կիներու եւ երեխաներու փնտռտուքը:

Բրիտանական հրամանատարութիւնը, սակայն, վճռած էր արագացնել հայրենադարձութիւնը՝ կանխելու համար հաւանական միջադէպեր, որ կրնային ծագիլ հայ գաղթականներու ներկայութենէն եւ այսպէս օգնած ըլլալ էմիր Ֆայսալի վարչակարգին, որ կը տիրէր Հալէպի եւ Դամասկոսի միջեւ ինկած շրջաններուն:2 Այս նկատառումներով՝ բրիտանական հրամանատարութիւնը որոշեց դատարկել Հալէպի շրջանը իր հայ գաղթականներէն՝ առանց մտահոգուելու կենցաղային թշուառ պայմաններով, որ պիտի ստեղծուէին այս առհասարակ ընչազուրկ տարագիրներուն ...

կարդալ աւելին

Ֆրանսական հեծելազօրի մուտքը Ատանա, 1919 Յունիս (Ֆ. Թայարտա/ Փարիզի ՀԲԸՄ-ի Նուպարեան գրադարանի արխիւ):

Հայ Գաղթականները Նոր Ձեւաւորուող Մերձաւոր Արեւելեան Աշխարհին Մէջ