ՀՀՀ Մուլթիմետիա Ել. Գիրքերու Շարք Ել.Գիրք#3: Դար Մը Պատմութիւն, ՀԲԸՄիութեան,(Գիրք 1) | Page 71

Օսմանեան բանակի պարտութիւնը եկաւ պարզապէս հաստատելու Ֆրանսայի եւ Մեծն Բրիտանիոյ գաղութատիրական գերակայութիւնը մերձաւոր արեւելեան թատերաբեմին վրայ: Մինչ այդ իրենց տնտեսական ներդրումներով եւ կրթական գործունէութեամբ ներկայ այս երկու մեծ պետութիւնները կայսրութեան անկումէն ետք անցան որոշ տարածքներու ուղղակի գրաւումին: Սայքս-Փիքոյի 1916-ի դաշնագիրի պայմաններուն համաձայն, անոնք իրենց միջեւ բաժնեցին Կիլիկիան եւ կայսրութեան արաբական գաւառները. ֆրանսական գօտիին մէջ կը մտնէին Սուրիան, Լիբանանը եւ Կիլիկիան, իսկ բրիտանականին՝ Պաղեստինը, Իրաքը եւ Յորդանանը:

Սկզբունքով, այս նոր գրաւուած տարածքները պէտք էր որ կառավարուէին հոգատարութեան վարչական համակարգով եւ Ազգերու Լիկայի իրաւարարութեան տակ, որովհետեւ հոգատար իշխանութիւնները պէտք է անկախութեան պատրաստէին նոր պետութիւնները: Դժուար չէ պատկերացնել սակայն, որ Ֆրանսայի եւ Մեծն Բրիտանիոյ համար այս սահմանումը պարզապէս պաշտօնական ծածկոյթ մըն էր, որ իրենց կ՚ապահովէր ուղղակի եւ անժամկէտ գրաւում մը, այսինքն՝ իրենց գաղութային կայսրութիւններուն ընդարձակումը: Ֆրանսա-բրիտանական դաշինքը չդիմացաւ սակայն յետ-պատերազմեան տարիներուն: Տարածաշրջանին մէջ ռազմավարական գրաւները այնքան մեծ էին, որ իրենց աւանդական հակադրութիւնը անխուսափելիօրէն պիտի արտայայտուէր նաեւ գետինի վրայ եւ վերջ տար իրենց դաշնակցութեան:Բայց օսմանեան պետութեան փլուզումը ի յայտ բերաւ նաեւ տեղական երկու կարեւոր երեւոյթներ՝ արաբական ազգայնականութիւնը եւ թրքականը: Կայսերական տարածքի անդամահատման հեռանկարին դիմաց, այս երկու ուժերը գործի լծուեցան ...

կարդալ աւելին

Հայ Գաղթականները Նոր Ձեւաւորուող Մերձաւոր Արեւելեան Աշխարհին Մէջ

Միհրան Տամատեան, բնիկ պոլսեցի (1864-1945), հնչակեան ֆետայի Սասնոյ մէջ 1894-ին, գրագէտ, Ռամկավար կուսակցութեան հիմնադիրներէն եւ 1919-էն 1921 Կիլիկիոյ հայութեան գլօաւոր ղեկավարներէն (Փարիզի ՀԲԸՄ-ի Նուպարեան գրադարանի արխիւ):