ՀՀՀ Մուլթիմետիա Ել. Գիրքերու Շարք Ել.Գիրք#3: Դար Մը Պատմութիւն, ՀԲԸՄիութեան,(Գիրք 1) | Page 8

Խնամքով պահուած եւ լաւ դասաւորուած այս արխիւները հնարաւորութիւն կ՚ընձեռեն ընկալելու, գրեթէ անհատական մակարդակով հասու ըլլալու, օրինակ Միութեան ապաստարաններուն մէջ հիւրընկալուած որբերու կամ մանկամարդուհիներու անձնական թուղթերու պարունակութեան: Այսպիսով մենք կրցանք լաւ հասկնալ խնդիրները, որոնք ծագած էին այս աղէտեալներու հոգեբանական վերականգնումէն. անոնք շատ ծանր տարած էին Սուրիոյ, Միջագէտքի կամ Յորդանանի անապատներու մէջ իրենց ապրած փորձառութիւնը: Երբ կ՚ուզենք գրել պատմութիւնը ՀԲԸՄ-ի նման կազմակերպութեան մը, որ հաստատուած է բոլոր աշխարհամասերուն վրայ, ու կը գործէ բազմաթիւ մարզերու մէջ, պարզ է որ պէտք է ընտրութիւն կատարենք ներկայացուելիք նիւթերուն, որովհետեւ անոնք բոլորը չեն կրնար մատուցուիլ յատկացուած էջերուն մէջ: Այս գիրքի պատրաստութեան ամբողջ ընթացքին մեր որդեգրած հայեցակէտը առիւծի բաժինը տուած է Միութեան Կեդրոնական Վարչութեան եւ անոր մշակած ու գործադրած ծրագիրներուն: Ան է գլաւոր դերակատարը: Առաջին հատորը (1906-1940), որ կը յենի արխիւային հարուստ նիւթերու վրայ, բաւական ամբողջական հաշուեկշիռը կը ներկայացնէ Միութեան զարգացումին՝ ծնունդէն մինչեւ Համաշխարհային Երկրորդ Պատերազմը, զայն հայոց ընդհանուր պատմութեան մէջ տեղաւորելու յստակ ցանկութեամբ մը սակայն: Այս առաջին բաժինին ընդմէջէն մենք փորձեցինք վեր հանել գլխաւոր գիծերը հայաշխարհի «վերակառուցումին», յատկապէս Մեձաւոր Արեւելքի հիւրընկալ երկիրներուն մէջ: Միութիւնը նշանակալից դեր ունեցած է այս գործընթացի մէջ: Մենք ներառած ենք նաեւ Միութեան առաջին նախագահներ Պօղոս Նուպարի եւ Գալուստ Կիւլպէնկեանի զուտ քաղաքական գործունէութիւնը այս պատմութեան մէջ:

Երկրորդ Հատորը (1941-2006), նոյնպէս հիմնուած է արխիւային նիւթերու վրայ, բայց նաեւ այդ ժամանակաշրջանի դերակատարներուն վկայութիւններուն. չի յաւակնիր առաջին հատորին չափ այդ օրերու պատմութեան ընդհանուր պատկերին մէջ տեղաւորուելու: Հետեւելով հանդերձ այլեւս Նիւ Եորք հաստատուած Կեդրոնական Վարչութեան գործունէութեան առաջնորդող գիծին՝ հատորը կը վերակեդրոնանայ մասնաւորապէս Միութեան իրագործած ծրագիրներուն վրայ, ինչպէս օրինակ 1946-1948-ի ներգաղթի կազմակերպումին մէջ (Արշակ Գարակէօզեանի նախագահութեան շրջանին) իր դերին, կամ պաղ պատերազմի ընթացքին Միութեան գործունէութեան՝ առանց սակայն յաւակնելու պատասխան տալու այս խնդիրներու յարուցած հարցականներուն: Հատորը կը զբաղի նաեւ արեւմտահայ, մանաւանդ ամերիկեան սփիւռքով՝ լուսարձակի տակ առնելով կրթական հաստատութիւններու եւ մարզամշակութային համալիրներու շինութեան մեծ ծրագիրը, որ մշակուած է Ալեք Մանուկեանի նախագահութեան օրով, միաժամանակ քննութեան առարկայ դարձնելով Մերձաւոր Արեւելքը տակն ու վրայ ընող մեծ տագնապները, որոնք դէպի Արեւմուտք գաղթի մեծ հոսանք մը ստեղծած էին:

Յառաջաբան