Վերջապէս, հատորը կը դիտարկէ Դեկտեմբեր 1988-ի Սպիտակի երկրաշարժէն ետք Հայաստանի մէջ տարածուած գործունէութիւնը, Լուիզ Մանուկեան Սիմոնի առաջնորդութեամբ, հակառակ դէպքերը գնահատելու անհրաժեշտ հեռաւորութեան պակասին: Հատորը կ՚աւարտի Միութեան զարգացման հեռանկարներուն շուրջ խորհրդածութիւններով, որոնք արդիւնք են այժմու նախագահ Պերճ Սեդրակեանի հետ հանդիպումներու:
Միութեան պէս կազմակերպութիւններու յենարանը անոնց հազարաւոր անդամներու նուիրումն է, անդամներ, որոնք աշխարհասփիւռ վարչութիւններու մէջ կը գործեն: Մենք բնականաբար չէինք կրնար աւարտել այս աշխատանքը առանց արժանին մատուցելու անոնց աշխատանքին: Ծաւալուն յաւելուածին մէջ յիշատակած ենք 1906-էն ի վեր հիմնուած բոլոր վարչութիւնները՝ յատուկ կերպով նշելով անոնք, որոնք տակաւին գործօն են: Իրականութեան մէջ իւրաքանչիւրը արժանի էր յատուկ մենագրութեան (մի քանի հատը ունին արդէն): Կը յուսանք, որ այս աշխատութիւնը նոր փափաքներ կը ծնի եւ կը թելադրէ յառաջիկայ տարիներուն ստեղծումը աշխատութիւններու, որոնք արժանին պիտի մատուցեն Միութեան պատմութիւնը նշանաւորող հազարաւոր անդամներուն:
Մանուէլ Թուլաճեանի վաւերագրական ժապաւէնը կը ներկայացուի այս գործին հետ: Երկուքը կը ձգտին զիրար ամբողջացնելու:
Ռէյմոնտ Յ. Գէորգեան եւ Վահէ Թաշճեան
Յառաջաբան