ՀՀՀ Մուլթիմետիա Ել. Գիրքերու Շարք Ել.Գիրք#3: Դար Մը Պատմութիւն, ՀԲԸՄիութեան,(Գիրք 1) | страница 7

Երբ 2002-ի Դեկտեմբերին Պերճ Սեդրակեանը մեզի առաջարկեց լծուիլ Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան պատմութիւնը գրի առնելու աշխատանքին, մենք պատրաստակամութեամբ ընդունեցինք առաջարկը՝ մէկ ու միակ պայմանով մը. կազմակերպութեան արխիւներու բացումէն օգտուիլ կարենալ, մէկ դարեայ պատմութեան հաշուեկշիռը ամուր հիմերու վրայ յենուելով կազմելու համար։

Անշուշտ մենք առաջինները չենք նման արկածախնդրութիւն մը նախաձեռնող։ Արամ Անտոնեանի (Նուպարեան գրադարանի առաջին գրադարանավար) եւ Վահան Մալէզեանի վերահսկողութեամբ Միութեան քսանհինգերորդ (1906-1931) տարեդարձին առթիւ լոյս տեսած յոբելենական հատորը արդէն բաւական լոյս սփռած էր Միութեան եւ անոր զանազան մասնաճիւղերու այդ ժամանակաշրջանի գործունէութեան վրայ։ Բոլոր անոնց համար, որոնք կ՚ուզեն հասկնալ թէ ինչո՞ւ եւ ինչպէ՞ս հիմնուեցաւ Միութիւնը 1906-ին Գահիրէի մէջ, այս աշխատութիւնը անփոխարինելի կը մնայ։ Անկէ ի վեր հրատարակուած են յոբելենական գիրքեր կամ համադրական աշխատանքներ, ինչպէս օրինակ Պետրոս Նորիհատի երկը (The Armenian General Benevolent Union, Its History and Purpose, New York 1966)։ Անոնցմէ իւրաքանչիւրը իր մասնակցութիւնը բերած է Միութեան ճանաչումի գործին։ Ժամանակագրականօրէն վերջինը պատմաբան Էդուարդ Մելքոնեանի «Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան Պատմութիւնը» (Երեւան, 2005), ամէնէն աւելի ընդարձակ երկն է, որուն մեծ առաւելութիւնն է օգտագործումը առաջին անգամ ըլլալով, այն նիւթերուն, որոնք հեղինակը գտած է խորհրդային ժամանակաշրջանի արխիւներուն մէջ։ Մեր առաջին քայլը եղաւ գտնել եւ գնահատել գոյութիւն ունեցող արխիւային նիւթերը։ Նուպարեան գրադարանը՝ կեդրոնական գրադարանը Միութեան, տէր է բացառիկ հաւաքածոյի մը, յատկապէս Միութեան ամբողջ նամակագրութեան եւ Կեդրոնական Վարչութեան 1906-էն 1941-ի գումարած ժողովներու ատենագրութիւններու պատճէններուն, բոլոր պաշտօնական հրատարակութիւններուն, ինչպէս նաեւ հազարաւոր վաւերաթուղթերու լուսանկարներու։ Այս նիւթերուն շնորհիւ մենք կրցանք անմիջապէս վեր հանել Միութեան պատմութեան գլխաւոր յատկանիշները՝ մինչեւ Համաշխարհային Երկրորդ Պատերազմ։ Բայց աւելին հեռու երթալու եւ կազմակերպութեան ծրագիրներու օրը օրին գործադրումին հետեւելու համար պէտք ունէինք անոնց վերաբերող թղթածրարներուն։ Գահիրէի Գործադիր Վարչութեան արխիւները ( Եգիպտոս) այս առումով էական դեր խաղցան։ Միութեան Կեդրոնի մէջ պահուած շուրջ հարիւր յիսուն հազար փաստաթուղթերը մեր առջեւ բացին անակնկալ հեռանկարներ, որոնք կազմակերպութեան ներքին պատմութենէն շատ աւելի հեռուն կ՚երթային եւ հնարաւորութիւն կու տային յատկապէս աւելի ընդհանուր ձեւով վաւերացնելու 1915-ի հայ աղէտեալներու ճակատագիրը, ապա անոնց վերաբնակեցումը Սուրիոյ եւ Լիբանանի մէջ։

Յառաջաբան