ՀՀՀ Մուլթիմետիա Ել. Գիրքերու Շարք Ել.Գիրք#3: Դար Մը Պատմութիւն, ՀԲԸՄիութեան,(Գիրք 1) | Page 63

Այս գաղթակայանը որբանոց մըն ալ ունէր՝ հիմնուած 1918 Հոկտեմբերին եւ տնօրինուած Եգիպտոսի Որբախնամ Միութեան կողմէ: Հազար երկու հարիւր երեխաներ՝ մեծամասնութեամբ Վանէն կամ պարսկական Ազրպեյճանէն, հոն վրաններու տակ պատսպարուած էին: Մուշեղ սրբազանը, Ատանայի նախկին առաջնորդը, կարեւոր դեր խաղցաւ այս հաստատութեան հիմնումին մէջ: Պաղտատի հայերը ստեղծած էին Հայ Տարագրելոց Մարմինը, որ կը զբաղէր Պաքուպայի գաղթակայանի հայերով:

Բրիտանացիները, սակայն, վճռած էին կարելի եղածին չափ արագ իրենց տեղերը ղրկել Պաքուպայի գաղթակայանի ասորի, սիրիանի թէ հայ բնակիչները: Մոսուլի եւ Պաքուպայի հայ գաղթականներու հայրենադարձի ծրագիրը մղեց նոյնիսկ Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութիւնը Իրաք ղրկելու իր ներկայացուցիչը՝ Արսէն Կիտուրը, որ Պաղտատ հասաւ 1919-ի Օգոստոսին:93 1920-ի առաջին ամիսներուն պարպումի ծրագիրը պատրաստ էր: Երեք հազար գաղթականներ ղրկուեցան Մոսուլ՝ Պաղտատի երկաթուղիի վերջին հատուածի շինարարութեան վրայ աշխատելու

համար:94 1920-ի աշնան, Իրաք տեղի ունեցած քաղաքական խռովութիւններու պատճառով, որոնց ընթացքին արաբ ըմբոստներ յարձակեցան Պաքուպայի գաղթակայանին վրայ,95 բրիտանական իշխանութիւնները որոշեցին արագացնել գաղթակայանի վերացումը։ Բոլոր հայ գաղթականները փոխադրուեցան Նահր-էլ-Օմար՝ Պասրայի մօտ, Շաթ-էլ-Արապի աջ ափին, ուր բրիտանացիները իրարու կից երկու վրանաքաղաք հաստատեցին. պզտիկը՝ ութ հարիւր քսան հինգ որբերուն համար ...

կարդալ աւելին

Նահր-ըլ Օմարի հայ գաղթակայանը (Փարիզի ՀԲԸՄ-ի Նուպարեան գրադարանի արխիւ):

Նահր-ըլ Օմարի գաղթակայանի հայ որբեր (Փարիզի ՀԲԸՄ-ի Նուպարեան գրադարանի արխիւ):

Նահր-ըլ Օմարի հայ գաղթականներու հայրենադարձութիւնը (Փարիզի ՀԲԸՄ-ի Նուպարեան գրադարանի արխիւ):

Մարդասիրական Գործունէութիւնը Իրաքի Մէջ՝ Մոսուլ Եւ Պաղտատ