Զինադադարի կնքումէն ետք տասնեակ հազարաւոր հայ գաղթականներ կային նաեւ Իրաքի մէջ: Այս կողմերը քշուած կարաւաններու վերջին բեկորներն էին, որոնք տարբեր ձեւերով դիմացած էին Միջագետքեան անապատներու սարսափելի պայմաններուն: Մոսուլը, Պաղտատը, ինչպէս նաեւ Պասրան պատերազմի աւարտին հեղեղուած էին գաղթականներով: 1919-ի Յունուարին Մոսուլի մէջ կային շուրջ 4000 գաղթականներ, իսկ մօտակայ գիւղերը՝ շուրջ 6000: Մոսուլի խաներէն շատերը վերածուած էին աղէտեալներու համար ապաստանարանի: Անոնց կացութիւնը ողբալի էր, որովհետեւ շրջանին մէջ տեղի ունեցած էին բրտութեան ահաւոր դէպքեր զօրավար Հալիլի [Քիւթ]՝ Էնվերի հօրեղբօր օսմանեան վեցերորդ բանակի հրամանատար դառնալէն ետք: Իրանական Ազրպեյճանի եւ Բաղէշի վիլայէթին մէջ զարհուրելի կոտորածներու հեղինակ՝ այս փաշան չէր կրնար հաշտուիլ այն իրողութեան հետ, որ մի քանի տասնեակ հազար հայեր գոյատեւած էին այս շրջաններուն մէջ: Հետեւաբար, ան Մոսուլի եւ Պասրայի մէջ կազմակերպեց բնաջնջումի երկրորդ արշաւ մը, որ կոտորեց գաղթականները: Մուշեղ եպս. Սերոբեանը՝ Պաղտատի առաջնորդ դարձած, Մոսուլէն ղրկեց, 1919-ի Յունուարին, տագնապալի տեղեկագիր մը այս հայերու վիճակին մասին: 1918-ի ընթացքին Մոսուլի մէջ վեներական ախտէ վարակուած հազար հարիւր հիւանդներէն ութ հարիւր յիսունը հայ էին:89 Ասկէ զատ քաղաքապետարանի բժիշկը հարիւր հայ պոռնիկներ գրանցած էր տեղի հարիւր քառասուն պոռնիկներուն մէջ: Կային նաեւ հազարաւոր կիներ, դեռատի աղջիկներ եւ երեխաներ որոնք կը գտնուէին այս շրջանի արաբ ցեղախումբերուն՝ Անեզէներուն, Ալպու Տիապներուն,...
Մարդասիրական Գործունէութիւնը Իրաքի Մէջ՝ Մոսուլ Եւ Պաղտատ
Միջագետք քշուած գաղթականներ. ձախէն աջ` Միսաք Սարգիսեան, Յակոբ Միքայէլեան եւ Կարապետ Գէորգեան (Փարիզի ՀԲԸՄ-ի Նուպարեան գրադարանի արխիւ):