ՀՀՀ Մուլթիմետիա Ել. Գիրքերու Շարք Ել.Գիրք#3: Դար Մը Պատմութիւն, ՀԲԸՄիութեան,(Գիրք 1) | Page 61

1919-ի ընթացքին գնդապետ Քլուսքարը հայ այլ պաշտօնեաներ ղրկեց սուրիական Վերին Միջագետք՝ շրջանին մէջ գերեվարուած աքսորականներ գտնելու համար: Անոնց շարքին մեզի ծանօթ են անունները Սարգիս Թուֆանեանի, Նշան Մատթէոսեանի, Կարապետ Ինճէեանի, Հաճի Յակոբ Արոյեանի, Աբրահամ Գարակէօզեանի, Պետրոս Գարասարգիսեանի, Լեւոն Աճէմեանի: Վերջինս Պարսկաստանի նախկին հիւպատոսն էր Հալէպի մէջ եւ իր առաքելութիւնն էր յատկապէս Ռաս ըլ-Այն եւ Նիսսիպին գտնուող վերապրողները գտնել: 1919-ի Փետրուարի Հալէպի դէպքերը, սակայն, դանդաղեցուց այս փրկարարական գործողութիւնները՝ գլխաւորաբար բրիտանական իշխանութիւններու մտավախութիւններուն պատճառով. անոնք կը մտածէին, որ այս ազատագրումները կրնային Սուրիոյ իսլամներուն դժգոհութիւնը յառաջացնել: Ֆրանսական հոգատարութեան հաստատումէն ետք է միայն որ կարելի եղաւ վերսկսիլ կիներու եւ երեխաներու փնտռտուքին՝ առանց խոչընդոտի:

Ապաստանարանի եւ աղէտեալներու փնտռտուքի գործողութիւններուն ծախսերը հոգալէ ետք, Հայուհեաց Միութեան հետ համաձայնաբար, Միութեան Տեղական ...

կարդալ աւելին

Միութեան ապաստանարանի բնակիչները: Հալէպ, 1919 (Փարիզի ՀԲԸՄ-ի Նուպարեան գրադարանի արխիւ):

Մալաթիացի Յարութիւն եւ Գրիգոր Թաշճեանները, որոնք ապաստան գտած էին արաբ ցեղախումբի մը քով (Փարիզի ՀԲԸՄ-ի Նուպարեան գրադարանի արխիւ):

Տիգրիսի վրայով 1919-ի Յունիսին Մոսուլէն Պաքուպայի գաղթակայանը փոխադրուած գաղթականներ, ինչպէս Ռուբէն Հերեանի հիւրընկալած որբերը (Փարիզի ՀԲԸՄ-ի Նուպարեան գրադարանի արխիւ):

Յետ-Պատերազմեան Հալէպը՝ Վտանգներով Լեցուն Քաղաք Մը Հայերուն Համար