ՀՀՀ Մուլթիմետիա Ել. Գիրքերու Շարք Ել.Գիրք#3: Դար Մը Պատմութիւն, ՀԲԸՄիութեան,(Գիրք 1) | Page 60

Այս լարուած մթնոլորտը հրահրուեցաւ նաեւ որոշ մոլեռանդ իսլամ շրջանակներու թերթերուն կողմէ: Անոնք հրձիգ յօդուածներ հրապարակեցին՝ ձգտելով ժողովրդային զանգուածները ոտքի հանելու հայերուն դէմ: Նոյն ժամանակ ծանր դէպքեր տեղի ունեցան հարեւան Ալեքսանտրէթ քաղաքին մէջ Հայկական Լեգէոնին եւ տեղի իսլամ բնակչութեան միջեւ: Հալէպ հասած լուրերը աւելի եւս բորբոքեցին ներհամայնքային լարուածութիւնը: Ի վերջոյ, այս

ամբողջ արշաւը յանգեցաւ, 28 Փետրուար 1919-ին,

Հալէպի մէջ հակահայ շարժումի մը: Խուժանը, արաբ

ոստիկաններու եւ զինուորներու ընկերակցութեամբ, հեղեղեց քաղաքին փողոցները՝ հայ գաղթականներ փնտռելով: Վերջիններս ալ գէշ-աղէկ ապաստանեցան քաղաքի զօրանոցին եւ որբանոցներուն մէջ: Հայերուն պատկանող տուներ կողոպտուեցան եւ աւերուեցան: Խուժանը յարձակեցաւ նոյնիսկ Խան Սապուն, ուր հիւրընկալուած էին պատուելի Շիրաճեանի որբերը: Հսկայ վնաս հասաւ հաստատութեան: Ջարդը ժամեր տեւեց եւ դադրեցաւ միայն բրիտանական բանակի միջամտութեամբ: Յիսուն հայեր սպաննուեցան եւ բազմաթիւ ուրիշներ անյայտ կորած յայտարարուեցան: Բրիտանացիները պէտք եղած հետեւութիւնը հանեցին այս դէպքերէն եւ որոշեցին արագացնել հայրենադարձը՝ խուսափելու համար նման բրտութիւններու այլ տեղ պատահումէն:

Այս կոտորածները ծանր հարուած հասցուցին գաղթականներուն ի նպաստ տարուող մարդասիրական գործունէութեան: Կազմակերպութիւնները պէտք է նաեւ օգնէին նոր զոհերուն: Ճիշդ այս ատեն է որ իսկապէս գործի անցաւ Միութեան Տեղական Մասնաճիւղը: Վերակազմուած 12 Յունուար 1919-ին՝ ան արդէն կը հաշուէր յիսունչորս անդամներ, որոնցմէ ոմանք հալէպցի էին, ոմանք ալ՝ գաղթական:

Գործունէութեան վերսկսումը արագ եղաւ ...

կարդալ աւելին

Միութեան ապաստանարանի բնակիչներ` կիները եւ որբերը հաւաքող Կոմիտէի անդամներուն հետ: Ձախէն աջ` Տիգրան Ճիկէրեան, Գաբրիէլ Խանճեան, Տէր Յարութիւն Եսայեան` ֆրանսացի երկու սպաներու միջեւ, հոգեւորական մը, Օննիկ Մազլումեան, Մանուկ Սահակեան, բժ. Խաչատուրեան: Հալէպ, 1919 (Փարիզի ՀԲԸՄ-ի Նուպարեան գրադարանի արխիւ):

Ռուբէն Հերեան, հայրենադարձութեան քոմիսէր, առեւանգուած կիներու եւ մանուկներու որոնման պատասխանատու (Փարիզի ՀԲԸՄ-ի Նուպարեան գրադարանի արխիւ):

ՀԲԸՄ-ը Եւ Հայ Գաղթականներու Խնդիրը (Տեսանիւթ)

Յետ-Պատերազմեան Հալէպը՝ Վտանգներով Լեցուն Քաղաք Մը Հայերուն Համար