Դաշնակից ուժերու մուտքը Հալէպ, նախերգանքը հանդիսացաւ մարդասիրական լայնածաւալ ծրագիրի մը, որ պիտի ներառէր նաեւ աւելի հիւսիս գտնուող տարածքներ՝ Կիլիկիան եւ անոր արեւելքը գտնուող տարածքները: Ինչ կը վերաբերի Միութեան, անոր Հալէպի մասնաճիւղը՝ շատ կենսունակ, եռանդուն ու լաւ կազմակերպուած, յետ-պատերազմեան տարիներուն կատարեց համակարգողի դեր մը՝ մէկ կողմէն Կիլիկիոյ, որ հայ տարագիրներու համակեդրոնացման վայրը դարձած էր եւ միւս կողմէ Գահիրէի Կեդրոնին միջեւ:
Քաղաքի գրաւումը երեւան հանեց Հալէպի եւ անոր շրջակայքին մէջ ապրող 45 000 հայերու թշուառութիւնն ու անյոյս վիճակը: Քաղաքին մէջ կային շուրջ 34 000 հայեր, որոնցմէ 21 000-ը՝ իգական սեռի: Դամասկոսի իրենց հայրենակիցներուն պէս, այս աքսորեալներէն շատերը, որոնց շարքին որբեր, պատերազմի ընթացքին աշխատած էին օսմանեան բանակին հաշուին։ Վերջինիս հապճեպ նահանջը, որուն կու գար աւելնալու, զինադադարին յաջորդող ամիսներուն, օգնութեան գէշ կազմակերպումը, ծայրայեղ թշուառութեան մատնեց զանոնք: Մեծամասնութեամբ կիլիկեցի՝ անոնք բոլորն ալ կը փափաքէին վերադառնալ իրենց օճախները: Ըստ մեր ունեցած տեղեկութիւններուն, գաղթականները Այնթապէն էին (6000 հոգի), Քիլիսէն (3000), Մարտինէն (1600), Մարաշէն (1500), Սասունէն (1500), Ուրֆայէն (1050), Կիւրիւնէն (700) եւ Սեբաստիայէն (500):71
1919-ի Փետրուարին, դէպի Կիլիկիա հայրենադարձութեան գործողութիւնները քաղաքը եւ շրջակայքը բաւական պարպած էին գաղթականներէն, բայց դեռ կային 15 000 աղէտեալներ, որոնց 2000-ը հաւաքուած էր գաղթակայանի վերածուած թրքական զօրանոցին մէջ: ...
Յետ-Պատերազմեան Հալէպը՝ Վտանգներով Լեցուն Քաղաք Մը Հայերուն Համար
Հալէպ. Գաղթակայանի վերածուած կեդրոնական զօրանոցին մէջ ամուսնացած երեք զոյգ գաղթականներ (Փարիզի ՀԲԸՄ-ի Նուպարեան գրադարանի արխիւ):