Ֆայսալի ղեկավարած արաբական վարչամեքենան, մեծապէս դիւրացուց գերեվարուած հայ կիներու եւ երեխաներու փնտռտուքը: Հալէպի եւ Դամասկոսի կառավարիչները խիստ հրահանգներ ստացած էին, հնարաւոր չափով օժանդակելու այս առաքելութիւնը վարող խումբերուն: Միւս կողմէ սակայն, սուրիական կառավարութիւնը որոշ չկամութիւն կը ցուցնէր երբ ազատագրուած այս հայ կիները կը փափաքէին իսլամ ամուսնութիւններէ ծնած իրենց զաւակները իրենց հետ տանիլ: Այս երեւոյթը ողբերգական կացութեան կը մատնէր կիները: Անոնցմէ շատերը լքեցին ապաստանարանը՝ վերագտնելու համար իրենց լքուած երեխաները: Այս առումով իզմիրցի Արփունիի պարագան յատկանշական է. տեղահանութեան ընթացքին ան առեւանգուած էր արաբի մը կողմէ եւ անկէ զաւակ մը ունեցած էր: Պատերազմէն ետք ընտանիքը գտած էր իր հետքը եւ եղբայրը մաքառած էր, ազատագրելու համար զինք ... կարդալ աւելին
ՀԲԸՄ-ի Դամասկոսի ապաստանարանի բնակիչներ (Փարիզի ՀԲԸՄ-ի Նուպարեան գրադարանի արխիւ):
Հալէպ. Կիլիկիա վերադառնալ ուզող գաղթականներու առաջին խումբը (Փարիզի ՀԲԸՄ-ի Նուպարեան գրադարանի արխիւ):
Դամասկոս. Համախմբում Աքսորեալներու Եւ Հայրենադարձութիւն