ՀՀՀ Մուլթիմետիա Ել. Գիրքերու Շարք Ել.Գիրք#3: Դար Մը Պատմութիւն, ՀԲԸՄիութեան,(Գիրք 1) | Page 57

Հայ տեղահանուածներու կարեւոր մէկ մասը կեդրոնացած էր տակաւին Քատըմի՝ Դամասկոսի հարաւային անկիւնը գտնուող փոքրիկ աւանի գաղթակայանին մէջ, Հեճազի երկաթուղային կայարանին ճիւղաւորման կէտին փակած: 5000 գաղթականներ կ՚ապրէին հոն, Հ. Սիւլահեանի՝ Միութեան տեղւոյն նախագահի վերահսկողութեան տակ: Այս գաղթականները կու գային Ճեպէլ Տրուզէն, Հաուրանէն, Տէրայէն եւ Քէրէքէն: Դամասկոս ապրող գաղթականներու մեծ մասի ճամբուելէն ետք, Քատեմի գաղթականները փոխադրուեցան քաղաք:

Դամասկոսի գաղթականներուն վիճակը զգալիօրէն բարելաւուեցաւ 1919-ի առաջին ամիսներուն՝ օգնութեան գործողութիւններու աստիճանաբար աճող թափին եւ ... կարդալ աւելին

Լեւոն Եօթնեղբայրեանը (նստած) եւ իր ղեկավարած որոնող խումբը. ձախէն աջ, իր օգնականները՝ Յովհաննէս Քաւաֆեան, Կարապետ Քաւաֆեան, Եսայի Քերէչէքեան. Դամասկոս, 1 Յուլիս 1919 (Փարիզի ՀԲԸՄ-ի Նուպարեան գրադարանի արխիւ):

Միութեան Դամասկոսի դարմանատուն-հիւանդանոցի բժշկական անձնակազմը. կեդրոնը` բժ. Խ. Գափամաճեանը (Փարիզի ՀԲԸՄ-ի Նուպարեան գրադարանի արխիւ):

Միութեան կողմէ 1919-ին Դամասկոսի մէջ հիմնուած ապաստանարանի վարիչ կազմը: Նստած ձախէն աջ` Լ. Փափազեան, Հ. Յ. Փափազեան, Վերգին Ուղուրլեան, Մատամ Քաուս, տիկին Կէնճեան, օրիորդ Արագթինճի, Բրաբիոն Նաւապետեան. ոտքի, առաջին շարք, ձախէն աջ` բժ. Արագթինճի, տեղակալ –գնդապետ Քաուս, Սարաճեան սրբազան, բրիտանացի սպայ մը, Անդրանիկ Կէնճեան, ոտքի, երկրորդ շարք, ձախէն աջ` Հմայեակ Փափազեան, բժ. Քափամաճեան, Հմայեակ Ուղուրլեան, բժ. Գառնիկ Քիւրքճեան, Լեւոն Փափազեան (Փարիզի ՀԲԸՄ-ի Նուպարեան գրադարանի արխիւ):

Դամասկոս. Համախմբում Աքսորեալներու Եւ Հայրենադարձութիւն