Դամասկոսի մէջ Միութեան վերակազմուած վարչութեան աշխատանքը կեդրոնացաւ երեք մարզերու վրայ․ բուժ-օգնութիւն գաղթականներուն, հիւրընկալում եւ խմբում որբերու, օժանդակութիւն` լքուած կիներուն եւ դեռատի աղջիկներուն: Համաշխարհային պատերազմի վաղորդայնին Դամասկոս գտնուող գաղթականներուն թիւը կը գնահատուէր 30 000 անձ, քանի մը տասնեակ հազար հոգի ալ կը գտնուէր աւելի հարաւային շրջաններուն մէջ: Ըստ Սահակ Բ. կաթողիկոսին, որ Դամասկոս կը բնակէր պատերազմի վերջաւորութեան, Նոյեմբեր 1918-ին քաղաքին մէջ 25 000 գաղթականներ կային: ...
Դամասկոս. Համախմբում Աքսորեալներու Եւ Հայրենադարձութիւն
Միութեան Դամասկոսի դարմանատուն-հիւանդանոցի բժշկական անձնակազմը. կեդրոնը` բժ. Խ. Գափամաճեանը (Փարիզի ՀԲԸՄ-ի Նուպարեան գրադարանի արխիւ):
Ռուբէն Էճզաճեան (1878-1930), Միութեան Դամասկոսի Մասնաճիւղի սիւներէն մէկը (Փարիզի ՀԲԸՄ-ի Նուպարեան գրադարանի արխիւ):