ՀՀՀ Մուլթիմետիա Ել. Գիրքերու Շարք Ել.Գիրք#3: Դար Մը Պատմութիւն, ՀԲԸՄիութեան,(Գիրք 1) | Page 55

Միութեան Տեղական Մասնաճիւղերու Վերակազմակերպումը Եւ Միութեան Գործունէութեան Համադրումը Հայ Ազգային Միութեան Հետ

Սկիզբէն իսկ Միութեան Կեդրոնական Վարչութիւնը նկատեց, որ հայերու տեղահանութեան վայրերուն մէջ, հայերու ի նպաստ օգնութեան որեւէ լայնածաւալ գործունէութիւն մը, կը պահանջէր կազմակերպութեան տեղական մասնաճիւղերու վերակազմակերպումը, յատկապէս Հալէպի, Երուսաղէմի, Պէյրութի, Պաղտատի եւ Դամասկոսի մէջ: Ահա թէ ինչու, Նոյեմբեր 1918-էն իսկ սկսեալ, Կեդրոնը Միութեան տեղական վարչութիւններու նախկին պատասխանատուներուն թելադրեց հաւաքուիլ եւ վերակազմակերպուելու ուղղութեամբ աշխատանք տանիլ:

Պատերազմը եւ Ցեղասպանութիւնը, սակայն, տակնուվրայ ըրած էին այս մեծ քաղաքներու հայկական համայնքները. ոմանք չէին դիմացած պատերազմի տարիներու զրկանքներուն, մինչ Փոքր Ասիոյ աղէտեալները հաստատուած էին այս արաբական քաղաքային կեդրոններուն մէջ: Պատերազմէն ետք վերակազմուած առաջին վարչութիւնները կ՚արտայայտեն այս վերիվայրումները: Այսպէս, 11 Փետրուար 1919-ին վերակազմուած Դամասկոսի Վարչութեան անդամներն էին․ Պետրոս եպս. Սարաճեանը (պատուոյ նախագահ, Հաճընի նախկին առաջնորդ), Գրիգոր եպս. Պալապանեանը (պատուոյ նախագահ, Անգարայի կաթողիկէ հայոց նախկին առաջնորդ), Խաչատուր Գրիգորեանը ...

կարդալ աւելին

Հալէպի օսմանեան զօրանոցի բակը, որ վերածուած էր աքսորէն վերադարձած աղէտեալները հւիրընկալող կեդրոնի. Հալէպ, 1918-ի վերջ (Փարիզի ՀԲԸՄ-ի Նուպարեան գրադարանի արխիւ):

Միութեան Գործունէութիւնը Սուրիոյ, Լիբանանի, Պաղեստինի Եւ Իրաքի Մէջ՝ Պատերազմէն Անմիջապէս Ետք