Երկու գերմանացի միսիոնարուհիներու՝ Շաֆերի եւ Պէաթրիս Ռոհնըրի հետեւողական պնդումներուն վրայ, Ճեմալ փաշան 1915-ի Դեկտեմբերի վերջերուն անոնց արտօնեց ուրիշ որբանոց մըն ալ բանալ Հալէպի մէջ՝ տեղական իշխանութիւններու հսկողութեան տակ, նմանապէս լքուած երեխաները հաւաքելու նպատակով: Քաղաքի առողջապահական վիճակի բարելաւումը երկու գերմանացիներուն կողմէ գործածուած գլխաւոր փաստարկն էր՝ համոզելու փաշան, որ թոյլատրէ այս հաստատութեան բացումը: Այս որբանոցին մէջ պատսպարուած էին շուրջ 400 երեխաներ: Անոր գործունէութիւնը կը վայելէր Հալէպի գերմանացի հիւպատոս Տք. Ռէօսլըրի զօրակցութիւնը եւ ԱՄՆ-ի նիւթական աջակցութիւնը:
Գերմանական միսիոնարական կազմակերպութիւններուն կողմէ հայ տեղահանուածներուն ի նպաստ մարդասիրական գործունէութեան մը ստանձնումը, սակայն, օսմանեան կեդրոնական իշխանութիւններուն կողմէ կ՚ընկալուէր որպէս վտանգաւոր նախընթաց մը, որ ամէն գինով պէտք էր կասեցնել: Ահա թէ ինչու 3 Ապրիլ 1916 թուակիր շրջաբերական հեռագիրով մը, Թալաաթ փաշան յիշեցուց, թէ միայն օսմանցի պետական պաշտօնեաները իրաւասու էին տեղահանուածներուն օգնութիւն հասցնելու, եւ թէ, հետեւաբար, օտարներուն տրուած թոյլտուութիւնները անօրինական էին եւ այս օրէնքը խախտող պաշտօնեաները պէտք է խիստ պատիժի ենթարկուէին: Այս աննպաստ պայմաններուն մէջ, Պէաթրիս Ռոհների ղեկավարած որբանոցը որոշ ժամանակ քաշքշեց իր գոյութիւնը, բայց ի վերջոյ, 1917-ի Փետրուարին փակեց իր դռները: Հաստատութեան շուրջ եօթանասուն երեխաները օսմանեան իշխանութիւններուն կողմէ ղրկուեցան Այնթուրայի (Լիբանանի) թրքական որբանոցը, իսկ երեք հարիւր եօթանասուն երեխաներ անհետացան քաղաքին մէջ՝ Այնթուրայի հեռանկարէն խուսափելու համար: Հալէպի հայոց Առաջնորդարանն ալ կը զբաղէր նաեւ շուրջ հարիւր որբերով, որոնք տեղաւորուած էին Քառասուն Մանկանց եկեղեցիին կից, ազգային դպրոցի շէնքին մէջ: ...
Հալէպի որբանոցի ներքին բակը, Նորա Ալթունեան (բժիշկին աղջիկը) եւ Ա. Շիրաճեան (Փարիզի ՀԲԸՄ-ի Նուպարեան գրադարանի արխիւ):
ՀԲԸՄ-ի Գործունէութիւնը անմիջապէս Ա Աշխարհամարտէն Ետք - Հայու Ճակատագիր (Տեսանիւթ)
Միութեան Գործունէութիւնը Սուրիոյ, Լիբանանի, Պաղեստինի Եւ Իրաքի Մէջ՝ Պատերազմէն Անմիջապէս Ետք