Բայց ամենակարեւոր գործը քաղաք ապաստանած հազարաւոր որբերն ու այրիները թաքցնելն էր: Անոնցմէ մեծ թիւ մը տեղաւորւուեցաւ ընտանիքներու մէջ՝ քրիստոնեայ առհասարակ, եւ հայ՝ մասնաւորապէս: Մանկամարդ աղջիկներն ու կիները յաճախ գործի կ՚առնուէին որպէս աղախին: Հալէպի մէջ, սակայն, սնունդի տագնապ կը տիրէր եւ ընտանիքները չէին կրնար երկար ատեն հիւրընկալել գաղթականները: Կար նաեւ իշխանութիւններու հալածանքը. անոնք կը փորձէին ամէն կերպ խոչընդոտել հայերուն ի նպաստ որեւէ մարդասիրական նախաձեռնութիւն՝ ամերիկացիներուն գովելի ճիգերը ոչինչի վերածելով: Գաղթականներու յաճախանքը իշխանութիւններուն կողմէ կատարուող կանոնաւոր բռնահաւաքներն էին, որոնց հետեւանքով անմիջապէս կը ղրկուէին սուրիական անապատ, այսինքն դէպի մօտալուտ մահ:
Ըստ ամերիկացի հիւպատոսին, 1916-ի գարնան Ուրֆայի շրջան զանգուածային ժամանումը իսլամ գաղթականներու, որոնք կը փախչէին դէպի արեւելեան գաւառներ ռուսական զօրքերուն առջեւէն, նպաստեց որոշ չափով բարեփոխելու տակաւին Հալէպ գտնուող հայ գաղթականներու վիճակը: Արդարեւ, տրուած ըլլալով որ օսմանեան իշխանութիւնները որոշ դժուարութիւններ ունէին այս աղէտեալներուն օգնելու, Ճ. Ճաքսընը առաջարկեց անոնց համար սնունդի բաշխում կազմակերպել ուղղակի՝ առանց տեղական իշխանութիւններու միջամտութեան: Այս գործողութեան յաջողութիւնը աւելի լայն հնարաւոութիւն տուաւ ամերիկեան հիւպատոսական ծառայութիւններուն՝ սնունդ բաժնելու Հալէպի հայ գաղթականներուն: Զուգահեռաբար ամերիկեան հիւպատոսարանը նպաստ կու տար գերմանական եւ զուիցերիական կազմակերպութիւններուն,
Բժ. Ասատուր Ալթունեան (ծնեալ Սեբաստիա՝ 1857-ին, մեռած Հալէպ՝ 1950-ին), հիւանդանոցի հիմնադիր, որ դիւրացուց Հալէպի հայոց որբանոցի ստեղծումը (Փարիզի ՀԲԸՄ-ի Նուպարեան գրադարանի արխիւ):
Ահարոն Շիրաճեան (1867-1939), պատուելի Մարաշի մէջ եւ հիմնադիր տնօրէն Հալէպի որբանոցի (Փարիզի ՀԲԸՄ-ի Նուպարեան գրադարանի արխիւ):
Միութեան Գործունէութիւնը Սուրիոյ, Լիբանանի, Պաղեստինի Եւ Իրաքի Մէջ՝ Պատերազմէն Անմիջապէս Ետք