ՀՀՀ Մուլթիմետիա Ել. Գիրքերու Շարք Ել.Գիրք#3: Դար Մը Պատմութիւն, ՀԲԸՄիութեան,(Գիրք 1) | Page 52

Հալէպը, Դամասկոսը Եւ Երուսաղէմը Համաշխարհային Առաջին Պատերազմի Ընթացքին

Նախ դիտել տանք, որ պատերազմի առաջին տարիներուն, մինչ հարիւր հազարաւոր հայեր կը կոտորուէին կամ կը տեղահանուէին դէպի Սուրիոյ եւ Միջագետքի անապատները, օգնութեան փորձերը բոլորովին անգոյ չէին Օսմանեան կայսրութեան տարածքին: Անվիճելի է, որ Հալէպն էր բանալի դեր խաղցող քաղաքը գաղթականներու օգնութեան գործին մէջ: Պատերազմի ընթացքին սուրիական այս մեծ ոստանը բացառիկ կարգավիճակ մը ունէր: Արդարեւ, ան տեղահանութեան ջղային կեդրոնն էր. հոն հաստատուած էր Տեղահանուածներու Վարչութիւնը, Ապտուլահատ Նուրիի՝ Թալաաթի մէկ մերձաւորին ղեկավարութեամբ, եւ հոնտեղէն էր որ կ՚անցնէին աքսորականներու կարաւանները նախքան դէպի անապատ, Տէր Զօր, Միջագետք կամ Պաղեստին քշուիլը: Որոշ տեղահանուածներ կը յաջողէին նոյնիսկ ապաստան գտնել հոն, պահուըտիլ՝ հակառակ տեղական իշխանութիւններու ճիգերուն, եւ այսպիսով փրկուիլ միւս տեղահանուածներու ճակատագիրէն:1 Այս երեւոյթը մեծաւ մասամբ կը բացատրուի գոյութեամբը հալէպահայ ուժեղ, գործունեայ եւ լաւ կազմակերպուած, 13000 հոգի հաշուող համայնքի մը, որ, հակադրաբար Փոքր Ասիոյ հայութեան, առհասարակ չազդուեցաւ հայերու բնաջնջումը հետապնդող օսմանեան իշխանութիւններուն ծրագիրներէն: Ան կը բացատրուի նաեւ ներկայութեամբը, մինչեւ Յունիս 1915, վալի Ճելալ պէյի, որ փորձեց իր իրաւասութեան տակ գտնուող տարածքներուն ...

կարդալ աւելին

Առաջին համաշխարհային պատերազմի աւարտը եւ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ յաղթական պետութիւններուն՝ այս պարագային Ֆրանսայի եւ Մեծն Բրիտանիոյ ենթակայ քաղաքական վարչակարգերու հաստատումը կը նշեն սկիզբը Միութեան իրագործած լայնածաւալ մարդասիրական աշխատանքին: Յետ-պատերազմեան տարիներուն Միութեան բոլոր կառոյցները զօրակոչի կ՚ենթարկուին՝ արդիւնաւէտ կերպով օգնելու համար Ցեղասպանութեան հարիւր հազարաւոր վերապրողներուն, որոնց մէջ տասնեակ հազարաւոր որբեր կան:

Տարակոյս չկայ, որ այս եռուն գործունէութեան տարիներուն է որ

գրուեցան կազմակերպութեան պատմութեան ամէնէն նշանակալից էջերը: ...

կարդալ աւելին

Միութեան Գործունէութիւնը Սուրիոյ, Լիբանանի, Պաղեստինի Եւ Իրաքի Մէջ՝ Պատերազմէն Անմիջապէս Ետք