Լիբանանի մէջ մարդասիրական առաքելութիւնը կեդրոնացաւ Այնթուրայի որբերուն վրայ. Այնթուրան գիւղ մըն էր Պէյրութի հիւսիսը, Զուք Միքայէլին մօտ: Տեղի Լազարեաններու վարժարանը գրաւուած էր թուրք իշխանութիւններուն կողմէ եւ վերածուած՝ որբանոցի: Հոն պատսպարուեցան շուրջ հազար երկու հարիւր հայ որբեր, մեծամասնութեամբ կիւրիւնցի, կեսարացի, սեբաստացի։ Կային նաեւ քիւրտ որբեր : Թուրք պետական պաշտօնեաներու կողմէ աքսորի ճամբաներէն հաւաքուած այս հայ երեխաները տարուած էին Այնթուրա՝ երիտ-թուրք միջավայրի մէջ ընդունուած կանոններուն համաձայն դաստիարակուելու համար: Այս հաստատութիւնը արդէն միակը չէր. օսմանեան իշխանութիւնները հայ երեխաները թրքացնելու համար նման որբանոցներ հիմնած էին Ուրֆայի, Մարտինի, Ատանայի, Կեսարիոյ մէջ, եւ այլն: Այնթուրան սակայն, հաստատութիւն մըն էր, որ իբրեւ օրինակ պիտի ծառայէր. անոր ղեկավարը Հալիտէ Էտիպն էր՝ ազգայնական երիտ-թրքուհի եւ պարապ ժամերուն նաեւ գրող, որուն առաքելութիւնը այս որբերը թրքացնելն էր: Հազիւ ընդունուած հաստատութեան մէջ՝ իւրաքանչիւր որբ կը ստանար իսլամ անուն մը եւ արձանագրութեան թիւ մը: Խստօրէն արգիլուած էր հայերէն խօսիլ. օրէնքը խախտողները խիստ պատիժի կ՚ենթարկուէին: Ընթացիկ պատժամիջոցը ֆալախան էր:99 Այդ օրերուն Լիբանանի մէջ սարսափելի սով կը տիրէր. ան կոտորեց տասնեակ հազարաւոր լիբանանցիներ եւ չխնայեց որբանոցը. որբերուն մէկ երրորդը մահացաւ զրկանքի հետեւանքով: 100 ...
Վերապրողները Լիբանանի Եւ Պաղեստինի Մէջ՝ Առաջին Համաշխարհային Պատերազմի Աւարտին
Այնթուրայի որբանոցի տնօրէնուհի Հալիտէ Էտիպը (կեդրոն), մանկավարժական անձնակազմը եւ հայ սաները 1918-ին (Փարիզի ՀԲԸՄ-ի Նուպարեան գրադարանի արխիւ):