Այս որոնող խումբին օգնելու արտօնութիւնը ձեռք ձգելու համար եգիպտահայերը Աքապա ղրկեցին պատուիրակութիւն մը, որուն կ՚անդամակցէր Հայ Ազգային Միութեան (ՀԱՄ) ներկայացուցիչ Ապահ Պետրոսեանը, Միութեան պատուիրակ Ստեփան Ստեփանեանը եւ Գրիգոր Արմուտլեանը: Անոնք հոն հանդիպում ունեցան Էմիր Ապտալլահի՝ Շերիֆ Հիւսէյնի որդիին եւ բրիտանացի սպաներուն հետ: Ասկէ ետք պատուիրակութիւնը եւ խումբի անդամները գացին Ապու Լիսսան՝ Աքապայէն 120քմ. հեռաւորութեան վրայ, ուր բանակցեցան էմիր Ֆայսալին հետ, որ հոն հաստատած էր իր բանակատեղին:128 Ի վերջոյ հայ պատուիրակները ստացան բրիտանական սպայակոյտի համաձայնութիւնը, զօրավիգ կանգնելու խումբին: Օգոստոս 21-ին հինգ հայ պատասխանատուներ, տասներեք պետեւիներու ընկերակցութեամբ ճամբայ ինկան դէպի դեռ օսմանեան տիրապետութեան տակ գտնուող Ճեպէլ Տրուզ: Այս մարդոց առաքելութիւնը տիւրզի ցեղապետերուն հետ կապ հաստատելն էր եւ զանոնք հրաւիրելը օգնելու դաշնակիցներու զինուորական գործողութիւններուն: Այս նպատակով իրենց տրուած էին Ֆայսալի յանձնարարական նամակները եւ որոշ գումար՝ տիւրզի ցեղապետերը համոզելու նպատակով: Հայերը պէտք է նաեւ բանակցէին տիւրզիներուն հետ՝ Ճեպէլ տարագրուած հայերու ...
Աքապա հասած աղէտեալներ եւ դասալիքներ 1918-ի Ապրիլին, որոնք յանձնառու եղան պետեւիներուն քով գերեվարուած կիներու եւ երեխաներու որոնումին (Փարիզի ՀԲԸՄ-ի Նուպարեան գրադարանի արխիւ):
Լեւոն Եօթնեղբայրեանի (1) հրամանատարութեան տակ գործող որոնող խումբը` Եսայի Քերեչիկեան (2), Կարապետ Քաւաֆեան (3), Յովհաննէս Քաւաֆեան (4) (Փարիզի ՀԲԸՄ-ի Նուպարեան գրադարանի արխիւ):
Լեւոն Եօթնեղբայրեանի խումբին կողմէ ազատագրուած կիներ եւ երեխաներ` Տէրայի մէջ հաւաքուած (Փարիզի ՀԲԸՄ-ի Նուպարեան գրադարանի արխիւ):
Միութեան Գործունէութիւնը Ի Նպաստ Պաղեստինի Գաղթականներուն (1917-1918)