ՀՀՀ Մուլթիմետիա Ել. Գիրքերու Շարք Ել.Գիրք#3: Դար Մը Պատմութիւն, ՀԲԸՄիութեան,(Գիրք 1) | Page 42

Զգեստաւորել Փրկուածները. Միութեան Հանդերձարանի Առաքելութիւնը Գահիրէի Մէջ

Հանդերձարան մը հիմնելու որոշումը Միութեան Կեդրոնական Վարչութեան կողմէ առնուեցաւ 1917-ի Նոյեմբերին եւ անմիջապէս ստեղծուեցաւ Տիկնանց Կեդրոնական Վարչութիւն մը: Կեդրոնական հանդերձարանի բացումը տեղի ունեցաւ Գահիրէի մէջ՝ 12 Դեկտեմբերին: Վարչութեան մասնաճիւղեր ստեղծուեցան այն ատեն Աղեքսանդրիոյ եւ Մանչեսթըրի մէջ՝ հանդերձարանի աշխատանքներուն օգնելու նպատակով: Աղեքսանդրիոյ մասնաճիւղը, իր սեփական հանդերձարանով, բացուեցաւ 1918-ի Փետրուարին: Կարեւոր գումարներ կը հայթայթուէին Մանչեսթըրի, Սաութհամփթընի, Լոնտոնի մասնաճիւղերուն, ինչպէս նաեւ Ժընեւի, Նիկոսիոյ, Լահէի, Փարիզի, Տիրէ-Տաւայի, Սուտանի, Ճիպութիի, Միլանի, Մարսիլիոյ, Սալոնիկի, Մելպուռնի, Չելսիի (ԱՄՆ), Ատտիս-Ապեպայի եւ Պասրայի համանման վարչութիւններուն կողմէ: Հանդերձարանը կը բաղկանար արհեստանոցէ մը, ուր բազմաթիւ պաշտօնեաներ եւ կամաւորներ հագուստներ կը կարէին մեծաքանակ, եւ պահեստային կեդրոնէ մը, ուրկէ առաքումները տեղի կ՚ունենային դէպի որոշուած վայրերը:

Այս կիներու ճիգերուն շնորհիւ Փորթ Սայիտի գաղթակայանի բոլոր աշակերտները համազգեստ ունեցան: 1917-ի եւ 1918-ի միջեւ հագուստներու կարեւոր քանակ մը ղրկուեցաւ Պաղեստին եւ Սուրիա: Ըստ վիճակագրութեան, իր հիմնումէն մինչեւ Նոյեմբեր 1918 հանդերձարանը Փորթ Սայիտի, Պաղեստինի եւ Սուրիոյ գաղթականներուն հայթայթած էր աւելի քան 32281 կտոր նոր զգեստ: Տարի մը ետք այս թիւը հասած էր 58089-ի: Նոյնիսկ հայ ռազմագերիները՝ օսմանեան բանակի նախկին զինուորներ, Միութեան Հանդերձարանին շնորհիւ ունեցան քաղաքացիական հագուստներ:

ՀԲԸՄ-ի Գահիրէի հանդերձանքի պատասխանատու Տիկնանց Կեդրոնական Վարչութիւնը: Նստած ձախէն աջ` Մաքրուհի Նետուրեան (փոխ-նախագահ), Աննա Նեճիպ Պութրոս-Ղալի (նախագահ) եւ իրենց պաշտօնակիցները (Փարիզի ՀԲԸՄ-ի Նուպարեան գրադարանի արխիւ):

Միութեան Գործունէութիւնը Ի Նպաստ Պաղեստինի Գաղթականներուն (1917-1918)