Պաղեստինի Պետեւիներուն Կողմէ Գերեվարուած Կիներու Եւ Երեխաներու Փնտռտուքը
Նոյն ժամանակաշրջանին, Միութեան Եգիպտոսի պատասխանատուներուն համար այլ հարց մը ներկայացաւ լրջօրէն՝ Պաղեստինի եւ Յորդանանի պետեւիներուն կողմէ առեւանգուած կիներու եւ երեխաներու խնդիրը: Այս շրջաններ դաշնակից ուժերուն ժամանումը, հիմնական փոփոխութիւն չէր բերած այս հայերու ճակատագիրին, որովհետեւ արաբ ցեղախումբերու մեծամասնութիւնը այս կալանուած կիները եւ երեխաները իրենց սեփականութիւնը կը նկատէր: Սկիզբը, անոնց թիւին եւ տեղին մասին հաւաստի տեղեկութիւններ հաւաքելէ ետք, Միութիւնը դիմեց բրիտանական հետախուզական ծառայութիւններուն, որպէսզի իրենք զբաղին այս հարցով եւ յաջողցնեն յատկապէս Ուատի Մուսայի պետեւի ընտանիքներուն կողմէ բռնի ուժով պահուող դեռատի կիներուն ազատ արձակումը: Այս նպատակով Միութիւնը պատրաստեց անուանացանկերը կիներուն, երեխաներուն եւ անոնց ազատ արձակումը մերժող պետեւի ցեղապետերուն: Այս անձերուն մասին բազմաթիւ փաստաթուղթեր կան, որոնցմէ մէկը՝ յուշագիր մը Միութեան կողմէ ուղղուած բրիտանացիներուն, կ՚ամփոփէ կացութիւնը: ...
Մարաշցի Յովհաննէս Գլըճեան` պետեւիներուն կողմէ գերեվարուած կիներ եւ մանուկներ փնտռող խումբի հիմնադիր (Փարիզի ՀԲԸՄ-ի Նուպարեան գրադարանի արխիւ):
Ճեպէլ Տրուզէն Աքապա հասած հայ գաղթականներ, 1918 (Փարիզի ՀԲԸՄ-ի Նուպարեան գրադարանի արխիւ):
Միութեան Գործունէութիւնը Ի Նպաստ Պաղեստինի Գաղթականներուն (1917-1918)