ՀՀՀ Մուլթիմետիա Ել. Գիրքերու Շարք Ել.Գիրք#3: Դար Մը Պատմութիւն, ՀԲԸՄիութեան,(Գիրք 1) | Seite 39

Պաղեստինի Հայ Գաղթականներ Եւ Գերիներ

Պաղեստինի մէջ բրիտանական զօրքերուն յառաջընթացը, որ արագացաւ 1918-ի առաջին ամիսներուն, առիթ ստեղծեց, դաշնակիցներուն կողմէ գրաւուած շրջաններուն մէջ բազմահազար այլ գաղթականներու, մեծամասնութեամբ կիլիկեցի, խնամատարութեամբ զբաղելու: Ոմանք գտնուեցան իրենց տարագրութեան վայրերուն մէջ, բայց ուրիշներ, երբ դէպի հիւսիս բրիտանական յառաջխաղացքին լուրը առին, փորձեցին հասնիլ բրիտանական գիծերը: Այսպէս, Դամասկոս եւ շրջակայ գիւղերը ապաստանած բազմահազար գաղթականներ փախան դէպի հարաւ-արեւելք, դէպի Ճեպէլ Տրուզ, ուր օսմանցիները մեծ թիւ չէին կազմեր: Անոնք ժամանակաւոր ապաստան գտան հոն՝ յուսալով յետագային միանալ արաբ կամ բրիտանական ուժերու՝ ի հարկին կտրելով անապատը:

1918 Փետրուարին Միութիւնը տեղեկացաւ, որ Թաֆիլէի մէջ՝ Ամմանէն հարիւր քիլոմեթր եւ Մեռեալ ծովէն քիչ մը դէպի հարաւ, կար անմիջական օգնութեան կարօտ ինն հարիւր վերապրող: 10 000 հոգի հաշուող իրենց կարաւանէն՝ մեծամասնութեամբ կիւրինցի, մարաշցի,

հաճընցի, ...

կարդալ աւելին

Փորթ-Սայիտի դպրոց-որբանոցի տնօրէնուհի՝ Մաքրուհի Նետուրեան (Փարիզի ՀԲԸՄ-ի Նուպարեան գրադարանի արխիւ):

1918-ի գարնան Տէրայի մէջ գտնուած կիներ եւ մանուկներ (Փարիզի ՀԲԸՄ-ի Նուպարեան գրադարանի արխիւ):

Միութեան Գործունէութիւնը Ի Նպաստ Պաղեստինի Գաղթականներուն (1917-1918)