ՀՀՀ Մուլթիմետիա Ել. Գիրքերու Շարք Ել.Գիրք#3: Դար Մը Պատմութիւն, ՀԲԸՄիութեան,(Գիրք 1) | Page 38

Որբերու Հաւաքումը Երուսաղէմ Եւ Փորթ Սայիտի Որբանոցին Հիմնումը

Որբանոցային գործի տեսակէտէ Միութիւնը փորձառութեան պակասէ չէր տառապեր՝ տրուած ըլլալով որ պատերազմէն անմիջապէս առաջ հիմնած եւ տնօրինած էր Քելէկեան եւ Տէօրթ Եոլի որբանոցները: Բայց կացութիւնը անկէ ետք արմատական ձեւով փոխուած էր, որովհետեւ Պատրիարքարանին կապուած հաստատութիւնները երիտ-թուրք վարչամեքենային կողմէ լուծարուած էին, Միութիւնը գրեթէ առանձին ձգելով մարդասիրական աշխատանքներուն ճակատին վրայ: Այժմ արդէն պէտք էր ապագան այլ չափանիշներով պատկերացնել: Եագուպ Արթինը եւ Կեդրոնական Վարչութեան իր գործընկերները քաջ կը գիտակցէին այս փաստին, երբ որոշեցին որբանոց մը հիմնել Երուսաղէմի մէջ: Այս հաստատութիւնը առաջինն էր որբանոցներու շարքին, որ յաջորդ տարիներուն Միութիւնը պիտի հիմնէր Մերձաւոր Արեւելքի գլխաւոր քաղաքներուն եւ Յունաստանի մէջ: Վայրի ընտրութիւնը -Երուսաղէմը նախընտրելի էր Պաղտատէն- կը բացատրուի Իրաքի մէջ գտնուող որբերու աւելի փոքր թիւով եւ Միջագետքի մէջ մատակարարումը ապահովելու գործնական մեծ դժուարութիւններով: Իսկ բրիտանական իւրաքանչիւր յառաջխաղացք կը մեծցնէր թիւը ...

կարդալ աւելին

Վիքթորիա Արշարունին (կեդրոնը) Սուրբ Յակոբ վանքի «առժամեայ» որբանոցի իր պաշտօնակիցներուն հետ, Յուլիս, 1918 (Փարիզի ՀԲԸՄ-ի Նուպարեան գրադարանի արխիւ):

Երուսաղէմի առժամեայ որբանոցի սաները (Փարիզի ՀԲԸՄ-ի Նուպարեան գրադարանի արխիւ):

Երուսաղէմի որբանոցները կը փոխադրուին Փորթ–Սայիտ (Փարիզի ՀԲԸՄ-ի Նուպարեան գրադարանի արխիւ):

Միութեան Գործունէութիւնը Ի Նպաստ Պաղեստինի Գաղթականներուն (1917-1918)