Արդիւնաւէտ կերպով աշխատելու համար, Միութիւնը մնայուն կապեր ստեղծեց դաշնակից զինուորական իշխանութիւններուն հետ եւ անոնց աջակցութիւնը խնդրեց՝ կազմակերպելու համար օգնութեան աշխատանքները: Ան մասնաւորաբար դիմեց գնդապետ Պրէմօնին՝ դաշնակիցներու Մերձաւոր Արեւելքի սպայակոյտի ֆրանսացի կցորդին, խնդրելով, որ իր սպաները Միութեան մանրամասն տեղեկութիւններ հաղորդեն գրաւուած տարածքներուն մէջ գտնուած հայ տարագիրներուն մասին:114 Նոյեմբերի կէսէն սկսեալ Միութեան օգնութիւնը, սնունդ եւ հանդերձանք, կարելի եղաւ այս ձեւով հասցնել Աքապա՝ բրիտանական բանակի հասցէին, հայ աղէտեալներուն բաժնուելու համար:115
9 Դեկտեմբեր 1917-ին Երուսաղէմի գրաւումը դաշնակից ուժերուն կողմէ առիթ եղաւ բրիտանացիներուն գտնելու մօտ հինգ հարիւր հայ տարագիրներ, մեծամասնութեամբ զուրկ որեւէ օգնութենէ, հաւաքուած հայկական Սուրբ Յակոբ վանքին մէջ: Այն ատեն Միութիւնը որոշեց բրիտանական հետախուզութեան միջոցով 300 փաունտ ղրկել՝ իբրեւ անմիջական օգնութիւն:116 Յաջորդ ամիսներուն Գահիրէի Կեդրոնը շարունակեց կանոնաւոր կերպով կարեւոր գումարներ ղրկել բոլոր այն շրջանները, ուր տարագիրներ կային: 1918-ի Ապրիլին Երուսաղէմը ապաստանն էր վեց հարիւր յիսուն տարագիրներու, ...
Շէյխ Սայիտի (Հաուրանի անապատ) շրջանին մէջ 1918 Յունուարին գտնուած փրկուած աղէտեալ երեխաներ (Փարիզի ՀԲԸՄ-ի Նուպարեան գրադարանի արխիւ):
Վիքթորիա Արշարունին Երուսաղէմի մէջ, 1918 Յունիս (Փարիզի ՀԲԸՄ-ի Նուպարեան գրադարանի արխիւ):
Միութեան Գործունէութիւնը Ի Նպաստ Պաղեստինի Գաղթականներուն (1917-1918)