1915-ի աշնան, երբ բրիտանացիները արշաւախումբ մը ցամաք հանելով Շաթ էլ Արապ՝ Տիգրիսի եւ Եփրատի գետաբերանը, յարձակեցան Միջագետքի վրայ, ցեղասպանութեան երկրորդ փուլը, որ կը միտէր բնաջնջելու Սուրիա եւ Միջագետք տեղահանուած բնակչութիւնը, սկիզբ չէր առած տակաւին։ Հարիւր հազարաւոր հայեր ցրուած էին երեք առանցքներու վրայ. 1) Մոսուլ-Պաղտատ, 2) Եփրատն ի վար դէպի Տէր Զօր, 3) ՀՀալէպ-Սինա: Առաջին երկու առանցքներու գաղթականները պիտի բնաջնջուէին 1916-ի ամռան եւ աշնան ընթացքին: Ճիշդ է որ 1915-ի վերջը Եգիպտոսի եւ Եւրոպայի հայկական շրջանակները տեղահանութեան եւ կոտորածի լուրեր առած էին, բայց շատ մասնակի էին անոնք: Դէպի Պաղտատ բրիտանական արշաւանքը, հակառակ իր ձախողութեան, հնարաւորութիւն տուաւ, առաջին անգամ ըլլալով, գրաւուած տարածքներուն մէջ գտնելու վերապրողներ, որոնց վկայութիւնները բացայայտեցին աղէտին տարողութիւնը: Երբ բրիտանական արշաւախումբը գրաւեց Պասրայի նաւահանգիստը եւ յառաջացաւ դէպի Պաղտատ, ...
Միութեան Գործունէութիւնը Ի Նպաստ Պաղեստինի Գաղթականներուն (1917-1918)
Սալթի մէջ գտնուած եւ Երուսաղէմ տեղափոխուած աղէտեալներ (Փարիզի ՀԲԸՄ-ի Նուպարեան գրադարանի արխիւ):
Սալթի մէջ գտնուած աղէտեալներ (Փարիզի ՀԲԸՄ-ի Նուպարեան գրադարանի արխիւ):
Սալթի մէջ գտնուած աղէտեալներ (Փարիզի ՀԲԸՄ-ի Նուպարեան գրադարանի արխիւ):
ՀԲԸՄ-ի Մարդասիրական Օգնութիւնը Ցեղասպանութենէն Վերապրողներուն - Հայու Ճակատագիր (Տեսանիւթ)