Փորթ- Սայիտի գաղթակայանը եւ հայկական Կարմիր Խաչի դարմանատունը (Փարիզի ՀԲԸՄ-ի Նուպարեան գրադարանի արխիւ):
ՀԲԸՄ-ի կողմէ աւելի ուշ շինուած կառոյցներ (Փարիզի ՀԲԸՄ-ի Նուպարեան գրադարանի արխիւ):
Արեւելեան Լեգէոնը
Կռուելու ատակ բազմաթիւ հայ գաղթականներու ներկայութիւնը մղեց դաշնակից ուժերու Եգիպտոսի հրամանատարութեանը` օգտուելու Փորթ-Սայիտի գաղթակայանի մարդուժէն եւ հիմնելու, 15 Նոյեմբեր 1916-ին, Արեւելեան Լեգէոնը: Սկիզբը ան բացառապէս հայ զինուորներէ կազմուած միաւոր մըն էր, որ ֆրանսական բանակի դրօշին տակ կը կռուէր եւ տեղակայուած էր Եգիպտոսի ճակատին վրայ: Աւելի ուշ այս միաւորին զինուորագրուեացան նաեւ սուրիացի կամաւորներ: Արեւելեան Լեգէոնի զինուորները ունէին ֆրանսական բանակի օգնականի կարգավիճակ եւ պաշտօնապէս զինուորագրուած էին` ֆրանսական բանակի շարքերուն մէջ Թուրքիոյ դէմ կռուելու համար: Արեւելեան Լեգէոնի առաջին կամաւորները, ուրեմն, մուսա լեռցի հայ գաղթականներն էին: Քիչ ուշ հաւաքագրուեցան նաեւ այլ կամաւորներ` Ամերիկայի եւ Եգիպտոսի հայկական գաղութներէն: Զինուոր դարձան նաեւ հայկական ծագում ունեցող ռազմագերիներ եւ դասալիքներ, որոնք օսմանեան բանակին մէջ Եգիպտոսի եւ Իրաքի ճակատներուն վրայ կռուած եւ դաշնակից ուժերուն կողմէ ձերբակալուած էին:
Միութեան Գործունէութիւնը Պատերազմի Ընթացքին Փորթ Սայիտի Գաղթականներուն Ի Նպաստ