Փորթ Սայիտի Սիսուան Դպրոցը
1915-ի աշնան մուսա լեռցի 1260 երեխաներ կ՚ապրէին գաղթակայանին մէջ. դպրոց մը հիմնելը, հետեւաբար, անհրաժեշտութիւն էր: Միութիւնը յանձն առաւ այդ դպրոցի ստեղծումը եւ տնտեսումը: Ստիպողականութեան իբրեւ ծնունդ բացուած 1915 Հոկտեմբեր 20-ին՝ սկիզբը ան կազմուած էր քսանհինգ մեծ վրաններէ: 1917-ի սկիզբը աշակերտներու թիւը դեռ 950 էր. մահացումը, որ յաճախակի էր գաղթակայանի մանուկներուն մէջ, բազմաթիւ ընտանիքներու մեկնումը եւ 14-16 տարեկաններու համար յատուկ դասարաններու բացակայութիւնը կը բացատրեն այս ետքայլը: 1917-ի վերջաւորութեան նոր գաղթականներու գալուստը պատճառ կ՚ըլլայ աշակերտներու թիւի աճին: Իր գոյութեան չորս տարիներուն ընթացքին Սիսուան դպրոցը առնուազն 3000 աշակերտ ընդունեց՝ ապահովելով նաեւ անոնց ապրուստը եւ հանդերձանքը: Դպրոցը ժամանակաւորապէս՝ 1915 Հոկտեմբերէն 1916 Յունուար, ղեկավարուեցաւ Թ. Գարագաշեանի կողմէ, ...
Սիսուան դպրոցի սաները (Փարիզի ՀԲԸՄ-ի Նուպարեան գրադարանի արխիւ):
Սիսուան դպրոցի սաները (Փարիզի ՀԲԸՄ-ի Նուպարեան գրադարանի արխիւ):
Մեսրոպ Ժամկոչեան` Սիսուան դպրոցի տնօրէն (Փարիզի ՀԲԸՄ-ի Նուպարեան գրադարանի արխիւ):
Հմայեակ Կռանեան` Սիսուան դպրոցի տնօրէն (Փարիզի ՀԲԸՄ-ի Նուպարեան գրադարանի արխիւ):
Մուսա Լեռան գաղթականներ Փորթ-Սայիտի մէջ (Փարիզի ՀԲԸՄ-ի Նուպարեան գրադարանի արխիւ):
Միութեան Գործունէութիւնը Պատերազմի Ընթացքին Փորթ Սայիտի Գաղթականներուն Ի Նպաստ