ՀՀՀ Մուլթիմետիա Ել. Գիրքերու Շարք Ել.Գիրք#3: Դար Մը Պատմութիւն, ՀԲԸՄիութեան,(Գիրք 1) | Page 33

Անձկութեան մէջ յայտնուած այս գիւղացիներու կացութեան մասին տեղեկանալով, փոխ-ծովակալ Տարթիժ տիւ Ֆուրնէն՝ ֆրանսական առաջին նաւատորմղի ընդհանուր հրամանատարը, հրահանգեց տեղափոխել ամբողջ բնակչութիւնը: Պարպումը տեղի ունեցաւ 12 եւ 13 Սեպտեմբեր 1915-ին: Այս գաղթականներու հաստատման վայրին շուրջ քիչ մը տատանելէ ետք, դաշնակից սպայակոյտը ընտրեց Փորթ-Սայիտը՝ Սուէզի ջրանցքի ձախ ափին: Ստեղծուեցաւ հսկայ գաղթակայան մը՝ մօտ 500 վրանէ կազմուած՝ ապաստան տալու համար Մուսա Լեռան գաղթականներուն: Սկիզբի դժուարութիւններէն ետք՝ առողջապահական պայմաններու անբաւարարութենէն ծնած, կացութիւնը բարելաւուեցաւ աստիճանաբար: 1917-ի Յունուարին գաղթականներու թիւը իջած էր 3200-ի. 350 հոգի մահացած էր,111 մինչ փոքրամասնութիւն մը, յատկապէս անոնք, որոնք ազգականներ ունէին ԱՄՆ, հեռացած էին գաղթակայանէն: 1917-էն սկսեալ, բրիտանական բանակին կողմէ նոր գրաւուած օսմանեան տարածքներէն եկող գաղթականներու երկրորդ ալիք մը հիւրընկալուեցաւ: Սուրիոյ եւ Պաղեստինի գրաւումէն ետք Փորթ-Սայիտ հաստատուած գաղթականներու թիւը մեծցաւ՝ հասնելով շուրջ 8500 անձի:

Գաղթակայանի ընդհանուր տնօրինումը ստանձնած էին բրիտանացիները, որոնք վարչական տնօրէն ...

կարդալ աւելին

Մուսա Լեռան գաղթականներ Փորթ-Սայիտի մէջ (Փարիզի ՀԲԸՄ-ի Նուպարեան գրադարանի արխիւ):

Փորթ-Սայիտի վրանակայան, ուր ապաստանած էին Մուսա Լեռան գաղթականները (Փարիզի ՀԲԸՄ-ի Նուպարեան գրադարանի արխիւ):

Մուսա Լեռան գաղթականներու ապաստարան վրան – հանրակացարաններ Փորթ-Սայիտի մէջ (Փարիզի ՀԲԸՄ-ի Նուպարեան գրադարանի արխիւ):

Միութեան Գործունէութիւնը Պատերազմի Ընթացքին Փորթ Սայիտի Գաղթականներուն Ի Նպաստ