ՀՀՀ Մուլթիմետիա Ել. Գիրքերու Շարք Ել.Գիրք#3: Դար Մը Պատմութիւն, ՀԲԸՄիութեան,(Գիրք 1) | Page 32

Մերձաւոր Արեւելքի խնդիրներուն մէջ Եգիպտոսի խաղցած առանցքային դերը առաւել եւս կը շեշտուի պատերազմի վերջին տարուան ընթացքին եւ մանաւանդ՝ օսմանեան պարտութենէն ետք: 1917-ի վերջաւորութեան, արդարեւ, դաշնակից բանակները կը յաջողին խորտակել ճակատը եւ յառաջանալ դէպի կայսրութեան ներսերը: Գրաւուած շրջանները, այն ատեն, ուղղակիօրէն կը կառավարուին տակաւին Արեւելքի Բրիտանական Բարձր հրամանատարութեան կողմէ, որուն կեդրոնը Գահիրէն է:

Անշուշտ, Եգիպտոսի ռազմավարական կարեւորութիւնը իր ազդեցութիւնը ունեցած է հայ համայնքին վրայ: Պատերազմի պատճառած հսկայ վերիվայրումներուն, ...

կարդալ աւելին

Եգիպտոսը, Առաջին Համաշխարհային պատերազմի սկիզբէն իսկ, Մերձաւոր Արեւելքը ալեկոծող դէպքերու խաչմերուկին կը գտնուի: Բրիտանական հոգատարութեան տակ գտնուող եւ Օսմանեան կայսրութեան սահմանակից այս երկիրը այն ռազմաճակատն է ուր իրարու կը հակադրուին դաշնակից ուժերը եւ Սուրիա ու Պաղեստին տեղակայուած գերման-օսմանեան զօրքերը:

Եգիպտոսի մէջ է որ բրիտանական սպայակոյտը կը պատրաստէ եւ կը վերահսկէ տարածքաշրջանի ռազմական գործողութիւնները. նմանապէս, հոն ձեւ կ՚առնեն դաշնակիցներուն ծրագիրները՝ Օսմանեան կայսրութեան արաբական նահանգներու բաժանումը հետապնդող:

Միութեան Գործունէութիւնը Պատերազմի Ընթացքին Փորթ Սայիտի Գաղթականներուն Ի Նպաստ

Փորթ-Սայիտի վրանակայան, ուր ապաստանած էին Մուսա Լեռան գաղթականները (Փարիզի ՀԲԸՄ-ի Նուպարեան գրադարանի արխիւ):

Փորթ-Սայիտի վրանակայան, ուր ապաստանած էին Մուսա Լեռան գաղթականները (Փարիզի ՀԲԸՄ-ի Նուպարեան գրադարանի արխիւ):