ՀՀՀ Մուլթիմետիա Ել. Գիրքերու Շարք Ել.Գիրք#3: Դար Մը Պատմութիւն, ՀԲԸՄիութեան,(Գիրք 1) | Page 31

1915-ի Ապրիլին սկիզբ առած Օսմանեան կայսրութեան հայ բնակչութեան կոտորածն ու աքսորը կը ստիպեն Միութիւնը նոր առաջնահերթութիւններով զբաղելու: Կաթողիկոսին խնդրանքով՝ Պօղոս Նուպարը ճամբայ կ՚ելլէ դէպի Եւրոպա 2 Մայիս 1915-ին՝ Հայկական Ազգային Պատուիրակութեան գլուխը անցնելու համար: Իր գործակիցներն են Գէորգ Սրբազան Իւթիւճեանը (Մանչեսթըրէն), Երուանդ Աղաթօնը (Միութեան փոխ-նախագահը) եւ Հ. Մոստիչեանը (Անգլիայէն):109 Պահն է արդէն հայկական թղթածրարը դաշնակից մեծ պետութիւններուն առջեւ պաշտպանելու:

«Միութիւն» պարբերաթերթը Յունիս 1915-ին կը հրատարակէ Միքայէլ Քիւրտճեանի մէկ յօդուածը՝ «Լռութիւն, Պարոնայք, Այնտեղ Կը Մեռնին»: Ասիկա Եգիպտոսի մէջ լսուած առաջին արձագանգներէն մէկն է՝ երիտ-թուրքերուն կողմէ հայերուն վերապահուած ճակատագիրին մասին: Բայց այս նոյն տարուան Սեպտեմբերին է , որ Միութիւնը կը նախաձեռնէ հայ աքսորականներու ի նպաստ իր գործին՝ զբաղելով Մուսա Լեռան 4270 փախստականներով, որոնք ֆրանսական նաւերով տարուած էին Փորթ Սայիտ: Միութիւնը յանձն կ՚առնէ մանաւանդ հազարէ աւելի երկսեռ մանուկներու կրթութիւնը եւ «Սիսուան» դպրոցը կը բանայ Փորթ Սայիտի մէջ 1915-ի Հոկտեմբերին: Պօղոս Նուպարի բացակայութեան, փոխ-նախագահ Եագուպ Արթին փաշան է որ կը վարէ Միութիւնը: 1916 Յունուարին Թուրքիայէն հրաշքով փրկուածներու, յատկապէս Յ. Առաքելեանի եւ Մ. Մինասեանի ...

կարդալ աւելին

ՀԲԸՄ-ի Ֆեքէի նախակրթարանը, 1912 (Փարիզի ՀԲԸՄ-ի Նուպարեան գրադարանի արխիւ):

Փորթ-Սայիտի վրանակայան, ուր ապաստանած էին Մուսա Լեռան գաղթականները (Փարիզի ՀԲԸՄ-ի Նուպարեան գրադարանի արխիւ):

WWI, Armenian Genocide and AGBU - An Armenian Destiny (Video)

Ա Աշխարհամարտ, Հայոց Ցեղասպանութիւն Եւ ՀԲԸՄ - Հայու Ճակատագիր (Տեսանիւթ)

Բարենորոգումներուն Ձախողութիւնը Եւ Առաջին Համաշխարհային Պատերազմին Սկիզբը