ՀՀՀ Մուլթիմետիա Ել. Գիրքերու Շարք Ել.Գիրք#3: Դար Մը Պատմութիւն, ՀԲԸՄիութեան,(Գիրք 1) | Page 30

Եւրոպայէն իր վերադարձին, Միութեան Կեդրոնական Վարչութեան առաջին ժողովին ընթացքին՝ 13 Մարտ 1914-ին, Պօղոս Նուպարը դիտել կու տայ, որ այսուհետեւ անհրաժեշտ է որդեգրել «նոր դիրքորոշում մը՝ իբրեւ հետեւանք հայկական բարենորոգումներու նախատեսումին […] Այսօր, Միութիւնը կոչուած է խաղալու աւելի կարեւոր դեր մը. ան պէտք է օժանդակէ բարենորոգումներուն՝ քաջալերելով ստեղծումը գիւղատնտեսական արհեստակցական ընկերակցութիւններու կալուածային վարկեր տուող եւ այլ նպատակայարմար հիմնարկներու»:104 Հայկական գաւառներուն մէջ բարենորոգումներու ձախողումը, կամ, այլ կերպ ըսուած, երիտ-թուրք վարչակարգին կողմէ բնաջնջումը այն բնակչութեան, որուն համար կը նախատեսուէին անոնք, պարզապէս վերջ կը դնէ Միութեան գործունէութեան ի նպաստ օսմեանեան կայսրութեան հպատակ հայերու, որոնց ընկերային-տնտեսական զարգացման նուիրուելու կոչումը ունէր ան: Առաջին Համաշխարահային պատերազմի սկիզբէն իսկ, Միութեան կապը Օսմեանեան տարածքի իր վաթսուն եւ մէկ վարչութիւններուն հետ բոլորովին կը խզուի: Միութիւնը կը նկատէ նաեւ, որ դրամական փոխանցումները հետզհետէ աւելի դժուար կը դառնան -դրամատուները կը սառեցնեն հաշիւները- եւ թէ նուիրատուութիւններէ եւ անդամավճարներէ գոյացած մուտքերը տարապայմանօրէն կը նուազին: Ահա թէ ինչու Միութեան քառասուն ուսումնական հաստատութիւնները (տարուան ընթացքին երկու նոր դպրոց հիմնուած էր) իրենց դռները չեն բանար Սեպտեմբեր 1914-ի վերամուտին: Միայն Տէօրթ Եոլի Քելէկեան որբանոցը եւ Վանի ուսուցիչներու ...

կարդալ աւելին

Բարենորոգումներուն Ձախողութիւնը Եւ Առաջին Համաշխարհային Պատերազմին Սկիզբը

Միհրան Ղազարոսեան, որ Մ. Մարկոսովի հրաժարականէն ետք 4 Ապրիլ 1914-ին նշանակուեցաւ Կեդրոնական Վարչութեան անդամ (Փարիզի ՀԲԸՄ-ի Նուպարեան գրադարանի արխիւ):