ՀՀՀ Մուլթիմետիա Ել. Գիրքերու Շարք Ել.Գիրք#3: Դար Մը Պատմութիւն, ՀԲԸՄիութեան,(Գիրք 1) | Page 29

Նկատենք, ուրեմն, որ յաջողած կարելի չէ համարել գործը եւ թէ Պօղոս Նուպարի մը ճիգերը բնաւ աւելորդ չեն՝ յաղթահարելու համար այս արեւմտեան վերապահութիւնները: Եւրոպական դիւանատուներուն տրուած յուշագիրներուն մէջ հայ պատասխանատուները ուշադիր եղած են շեշտը դնելու բարենորոգումներու «ընկերային երեսին վրայ»՝ չէզոքացնելու համար Ռուսաստանի կցումի քաղաքականութեան մասին Անգլիոյ եւ Ֆրանսայի ունեցած մտավախութիւնները: 1913 Ապրիլի Լոնտոնի վեհաժողովին, սակայն, այս երկու պետութիւնները կը զսպեն ռուսերուն ախորժակները՝ միաժամանակ մերժելով համաձայնիլ գերմանացիներու դիրքորոշումին: Այս վերջինները հարցը կը համարեն Օսմանեան կայսրութեան ներքին գործերուն մէջ միջամտութիւն, լուրջ հարուած մը անոր գերիշխանութեան ուղղուած եւ ազդանշանը Անատոլուի բաժանումին, որ դուռը բաց պիտի ձգէ Ռուսաստանի կողմէ յետագայ կցումի մը: Այս տեսակէտը ցրելու համար ռուս դիւանագէտները կը պնդեն որ, ընդհակառակը, առանց բարենորոգումներու արագ գործադրումին, անխուսափելի է որ անկարգութիւններ պատահին, որոնց պիտի հետեւի ռուսական բանակի միջամտութիւնը: Ի վերջոյ, բարենորոգումներու սկզբունքը կ՚որդեգրուի՝ ներառեալ Գերմանիոյ կողմէ, պայմանով, որ անոր գործադրութիւնը թողուի Բարձր Դռան նախաձեռնութեանը եւ իրականանայ վերջինիս վերահսկողութեան տակ, կամ ի հարկին, մեծ պետութիւններու: Բնականաբար, Ֆրանսայի եւ Անգլիոյ համամտութիւնը ունեցող այս նոր առաջարկը հիմնովին կը մերժուի Ռուսաստանի կողմէ, որ զայն կը համարէ քօղարկուած եղանակ մը՝ մերժելու Հայաստանի մէջ ապահովութեան վերահաստատման ձգտող իսկական լուծումներու որոնումը:72 Մերժելով աւելի խորացնել քննարկումները Լոնտոնի վեհաժողովի ծիրէն ներս՝ մեծ պետութիւնները կ՚որոշեն, Ռուսաստանի առաջարկով, իւրաքանչիւրը Պոլսոյ իր դեսպանին վստահիլ բանակցութիւնները շարունակելու պարտականութիւնը: Մինչ այդ, գործը կցելով խօսքին, Նիկոլայ ցարը զօրք կը կուտակէ թրքական սահմանին վրայ եւ, լարուածութիւնը սրելու նպատակով, իր գործակալներուն կը հրամայէ քիւրտերու ձեռքով սադրիչ գործողութիւններ կազմակերպել Հայաստանի մէջ:73 Այս բոլոր քաշքշուքներուն ժամանակ, մանաւանդ Լոնտոնի վեհաժողովին յաջորդող ամիսներուն, Նուպարը կը փորձէ բեկել մէկուն կամ միւսին դիրքորոշումը՝ յենելով տեղական յանձնախումբերու վրայ, ինչպէս օրինակ բրիտանական-հայկական կոմիտէին, որուն նախագահը լորտ Պրայսն է, Պեռլինի հայկական կոմիտէին եւ իր անձնական կապերուն վրայ: Իր նամակներուն մէջ, ինչպէս նաեւ իր անձնական հանդիպումներուն ընթացքին ան կը շեշտէ անխուսափելիութիւնը մեծ պետութիւններու վերահսկողութեան բարենորոգումներու գործին...

կարդալ աւելին

Միութիւնը եւ Ասիական Թուրքիոյ Բարենորոգումները (1912-1914)