Այս հարցին վերաբերող համոզիչ փաստաթուղթեր չգտանք մենք, բայց Գէորգ Ե Կաթողիկոսի վարած առաջին բանակցութիւնները Կովկասի փոխարքայ Վորոնցով-Դաշկովի հետ 1912-ի Հոկտեմբերին, կարծես ցոյց կու տան, թէ այս ժամանակները ՀՅԴ-ն ռուսերուն հետ լեզու գտած է: Հնարաւոր է, նոյնիսկ հաւանական, որ այս հարցին միջամտած ըլլան Փեթերսպուրկի հայ բարձրաստիճան պաշտօնեաները: Դիտելի է, յամենայնդէպս, որ Փեթերսպուրկէն երկու հայ հեղինակաւոր անհատներ՝ փրոֆ. Նիկողայոս Ատոնցը (1871-1942) եւ իրաւաբան Սիրական Տիգրանեանը Պոլիս կը յայտնուին 21 եւ 22 Դեկտեմբերին,46 եւ բարեկարգումներու թղթածրարի պատասխանատու Ապահովութեան Յանձնախումբի ստեղծումին օրն իսկ Հայկական Խորհրդարանին կողմէ ընդունելութեան կ՚արժանանան:
21 Դեկտեմբերին, արդարեւ, Կալաթայի խորհրդարանին մէջ տեղի կ՚ունենայ Հայկական Խորհրդարանի «պատմական» մէկ նիստը՝ դռնփակ: Քաղաքական ժողովը, որուն անդամներն են Վճռաբեկ Դատարանի դատաւոր Ստեփան Քարայեանը,47 հնչակեաններ Մուրատ Պոյաճեանը, Ներսէս Զաքարեանը,48 դաշնակցականներ բժիշկ Կարապետ Փաշայեանը49 եւ Վահան Փափազեանը, «կեդրոնամէտներ» Տիրան Երկանեանը,50 Լեւոն Տէմիրճիպաշեանը,51 Ոսկան Մարտիկեանը,52 եւ բժիշկ Սարգիս Սուինը,53 կը ներկայացնէ հայկական գաւառներու մէջ բարենորոգումներու գործադրման իր ծրագիրը:54 Գրիգոր Զոհրապին, որուն հայկական հարցին վերարծարծումին մէջ ունեցած դերին մասին արդէն խօսած ենք, կը վերապահուի քաղաքական խորհուրդի առած քայլի շարժառիթները ներկայացնելու պարտականութիւնը: Նախագիծը միաձայնութեամբ կը քուէարկուի Հայկական Խորհրդարանի բոլոր կողոմներոշումներու տէր ներկայացուցիչներուն կողմէ, որոնք բոլորն ալ կ՚ընդունին, որ այլընտրանք չկայ, բացի արմատական միջոցներ ձեռք առնելէ՝ «մէկ անգամ ընդմիշտ վերջ դնելու համար ընդհանուր կոտորածներու վտանգին, որուն մասին կը վկայեն վերջերս հասած բոլոր հաւաստի տեղեկութիւնները»:55
Այս թղթածրարով զբաղելու համար Խորհրդարանը կ՚որոշէ ստեղծել հինգ անդամներէ կազմուած խորհրդատուական յանձնաժողով մը, որ պիտի գործէ Քաղաքական Ժողովին հետ սերտ գործակցութեամբ. Յարութիւն Շահրիկեանը՝ ՀՅԴ-էն, ռամկավար Վահան Թէքէեանը, կեդրոնամէտ Դաւիթ Տէր Մովսէսեանը, ՍԴՀԿ-էն Պ. Գալֆայեանը, եւ Գրիգոր Զոհրապը: Աշխատանքները համադրելու համար խառն ժողովը (կազմուած Քաղաքական եւ Կրօնական ժողովներէն) կը ստեղծէ, վերջապէս, Ապահովութեան Յանձնախումբ մը, նախագահութեամբ նախկին պատրիարք Եղիշէ արք. Դուրեանի եւ անդամակցութեամբ Ստեփան Քարայեանի, ...
Միութիւնը եւ Ասիական Թուրքիոյ Բարենորոգումները (1912-1914)