1912-ի ընթացքին Միութիւնը 1435 ե.ո.-ի նպաստ յատկացուցած է իր ղեկավարած չորս նախակրթարաններուն, որոնց տնօրինութիւնը յանձնած է «Միացեալ» (30) եւ «Ազգանուէր» (4) ընկերութիւններուն: Ան նաեւ 1389 ե.ո. յատկացուցած է օսմանեան տարածքի այլ հայկական հաստատութիւններու՝ գործիքներու, սարքաւորումներու, սերմնացու եւ անասուն գնելու համար, ինչպէս նաեւ որպէս առողջապահական օգնութիւն՝ Կիլիկիոյ մէջ դեղօրայք եւ պատուաստներ բաժնելով: 1913-ին այս ծրագիրը կրկնուած է՝ Միութեան գործունէութեան մաս կազմող իւրաքանչիւր ոլորտի պիւտճէի շօշափելի աճով: Միւս կողմէ, յատուկ օժանդակութիւն հասցուած է նաեւ Մալկարայի հայութեան, որ պալքանեան պատերազմի ժամանակ տեղական ջարդերու զոհ դարձած էր: Գլխաւոր նուիրատուներուն շարքին նշենք Տիգրան Չամքերթէնի՝ Անվերսի վարչութեան նախագահի եւ Գալուստ Կիւլպէնկեանի՝ Լոնտոնի վարչութեան նախագահի անունները: Նշենք, վերջապէս, որ Միութիւնը ստացած է իր առաջին կտակները, ինչպէս նաեւ բազմաթիւ անձերու կեանքի ապահովագրութեան յատուցումներու հասցէատէրը դարձած է: Միութեան ամէնէն յատկանշական իրագործումը Վանի ուսուցչական բարձրագոյն դպրոցն է, որուն բացումը կատարուած է 24 Նոյեմբեր 1913-ին: 1914-ի սկիզբը կան Միութեան կողմէ հիմնադրուած երեսունութ նախակրթարան, որոնց քսանեօթը՝ օսմանեան Հայաստանի մէջ եւ ...
Միութիւնը եւ Ասիական Թուրքիոյ Բարենորոգումները (1912-1914)
ՀԲԸՄ-ի հիմնադրութեան հինգերորդ տարեդարձին առթիւ Գահիրէի մէջ 30 Ապրիլ 1911-ին կազմակերպուած արարողութիւն (Փարիզի ՀԲԸՄ-ի Նուպարեան գրադարանի արխիւ):