Կը թուի նոյնիսկ, որ մնայուն անապահովությունը կը քաջալերուի իշխանութեան կողմէ: Հետզհետէ Իթթիհատը կը ներկայանայ որպէս ամբողջատիրական կուսակցութիւն մը, որմէ կարելի չէ ակնկալել օսմանեան ընկերութեան արդիականացումը: Աւելին. հայկական բոլոր շրջանակներն ալ կ՚անդրադառնան, որ հայկական գաւառը իր արիւնէն պարպուելու վրայ է եւ կարճ ժամանակէ մը, եթէ քայլ մը չառնուի, օսմանեան Հայաստանը յուշ մը պիտի ըլլայ միայն: 1914 Մայիս 15-ի Գահիրէի Ընդհանուր Ժողովին առջեւ արտասանած իր ճառին մէջ Միութեան նախագահը այս մասին նախնական հաշուեկշիռ մը կը ներկայացնէ. «Ձեզի ծանօթ են այն արտակարգ հանգամանքները, որոնք անցած տարի մեզի թոյլ չտուին Ընդհանուր Ժողով գումարել […] Միւս կողմէ տեղեակ էք, որ ես ստիպուած եղայ Եգիպտոսէն բացակայելու՝ արձագանգելով կոչին ՆՍՕ Վեհափառին, որ, վճռական այն պահուն, երբ հայկական հարցը նորէն կը դրուէր, ինծի վստահեցաւ Եւրոպայի մէջ որպէս Ազգային Պատուիրակութեան ղեկավար ...
Օսմանեան կայսրութեան հայկական գաւառներու մէջ բարենորոգումներու ծրագիրի գործադրութիւնը երկար գործընթացի մը յանգումն է: 1912-ի Դեկտեմբերին՝ Պալքանեան պատերազմի աւարտին, կայսրութիւնը մղուած է իր ասիական մասին մէջ: Եւրոպական Թուրքիան դադրած է գոյութիւն ունենալէ:
1908-ի Յուլիսի սահմանադրական յեղափոխութեան մասնակցած հայութեան մէջ 1909 Ապրիլի Կիլիկիոյ կոտորածները նկատելի չափով նուազեցուցած են երիտ-թուրքերու ամենախանդավառ համակիրներու եռանդը: Արդէն հայկական գաւառներու մէջ կիռարուած Իթթիհատ Վէ Թարաքիի քաղաքականութիւնը չէ համապատասխանած հայերու ակնկալիքներուն:
Միութիւնը եւ Ասիական Թուրքիոյ Բարենորոգումները (1912-1914)
Պօղոս Նուպար` երեքդիմանի մարդու նկարահամադրում. աջին` դիւանագէտը կ՚ուսումնասիրէ ձախի գործարարը. կեդրոնը` մարդասէրը (Փարիզի ՀԲԸՄ-ի Նուպարեան գրադարանի արխիւ):