Վարչական խորհուրդը նշած է նաեւ նոր անդամի մը՝ Տիգրան Խան Քելէկեանի մուտքը իր կազմին մէջ: Ան արդէն Միութեան գլխաւոր նուիրատուներէն էր: Վարչական նոյն շրջանին, բացի ՀԲԸՄ-ի կողմէ ուղղակիօրէն ղեկավարուող քսանեակ մը նախակրթարաններուն, կրթական ընկերութիւններուն, ինչպէս նաեւ ազգային որբանոցներուն կատարուած տարբեր յատկացումներուն, Միութիւնը կը նախատեսէ նաեւ ստեղծումը ինն այլ կրթական հաստատութիւններու: Նաեւ, բաւական խոշոր գումար կը տրամադրէ Մուշի եւ Մուֆարղինի (Տիգրանակերտի վիլայէթ) շրջաններու գիւղացիներուն ի նպաստ մշակելի հողատարածքներու գնման, ինչպէս նաեւ այծերու, տաւարի եւ սերմնացուի յատկացմանը՝ Սասունի բնակչութեան:
Առողջապահութեան բնագաւառէն ներս, Միութիւնը գումար յատկացուցած է Սեբաստիոյ ազգային հիւանդանոցին եւ դեղօրայք ղրկած է Կիլիկիա: Ընկերային ծառայութեան մարզին մէջ, վերջապէս, կառոյց մը ստեղծած է Կիլիկիոյ որբերուն եւ այրիներուն օգնելու համար: Տարուան ընթացքին Միութիւնը սկսած է Վանի ուսուցչական բարձրագոյն դպրոցի շինարարական աշխատանքներուն՝ Պետրոս Գափամաճեանի ղեկավարած տեղական խորհուրդի հսկողութեան տակ: Միութիւնը մտադիր է նաեւ Կարինի «Սանասարեան» վարժարանը վերածելու գիւղատնտեսութեան եւ ճարտարագիտութեան գործնական դասընթացներ աւանդող բարձրագոյն դպրոցի: Կեդրոնական Վարչութիւնը, վերջապէս, որոշած է ստեղծել կեդրոնական գրադարան մը՝ Միութեան Կեդրոնին մէջ եւ «Միութիւն» ամսաթերթը: ...
Միութիւնը՝ Իր Առաքելութեան Ճամբուն Վրայ 1909-1912
ՀԲԸՄ-ի Ֆեքէի նախակրթարանը, 1912 (Փարիզի ՀԲԸՄ-ի Նուպարեան գրադարանի արխիւ):
ՀԲԸՄ-ի նուիրատուութեան շնորհիւ շինուած էյտէյլիի (Եոզկաթի գազա) Պարթեւեան վարժարանի բացման արարողութիւնը (Փարիզի ՀԲԸՄ-ի Նուպարեան գրադարանի արխիւ):