ՀՀՀ Մուլթիմետիա Ել. Գիրքերու Շարք Ել.Գիրք#3: Դար Մը Պատմութիւն, ՀԲԸՄիութեան,(Գիրք 1) | Página 24

Կրթական գետնի վրայ Միութիւնը կը յենի այնուհետեւ Միացեալ Ընկերութեան վրայ, որ համաձայնած է յանձն առնելու տնօրինութիւնը նոր հիմնադրուած քսանվեց նախակրթարաններու՝ Սղերթի, Սասունի (Տեհ, Հազրօ, Ռետուան, Զոք, Քուպին, Հոփ, Մալաֆան, Կրասերա, Քերիք, Կունտեճան, Իսաբունար, Հաշթեր, Հելին, Բաշնիք), Ալպիստանի, Կապանի, Վահկայի եւ Քեպուսիէի մէջ: Միութիւնը որոշած է նաեւ Վանի մէջ հիմնել ուսուցիչներու պատրաստութեան բարձրագոյն դպրոց մը՝ նմանապէս գործակցաբար Միացեալին հետ, որուն պատուիրակը՝ փրոֆ. Յ. Յակոբեանը, աշխատանքային այցով Գահիրէ կու գայ: Կը պարզուի, արդարեւ, որ «լաւ ուսուցիչները հազուագիւտ են եւ մեծ դժուարութիւններու կը հանդիպինք մեր ստեղծած դպրոցներուն համար կարող մարդիկ գտնելու»:34

Այս ութ ամիսներու ընթացքին Միութիւնը ունեցած է 5094 ե.ո-ի մուտք, մինչ ըստ կանոնադրութեան դրամագլուխը 15109 ե.ո.-ի կը հասնի: Իր առաջադրանքներու իրականացման համար Միութիւնը ծախսած է 1795 ե.ո., որմէ 1150-ը ներդրուած են կրթական ծրագիրներուն մէջ, իսկ մնացածը յատկացուած է Մուշի կարօտեալներուն, որոնց հայթայթուած են սերմնացու եւ անասուններ, ինչպէս նաեւ Նաճարլուի (Կիլիկիա) եւ Տալւորիկի (Սասուն) կարօտեալներուն, որոնց նուիրուած են դարբնոցներ եւ գործիքներ:

1910-ի վերջաւորութեան Միութիւնը նոր վարչութիւններ ունի Վանայ, Պանտըրմայի, Աֆիոն-Գարահիսարի, Պէյրութի, Տէօրթ Եոլի, Երուսաղէմի, Թոքաթի, Ալեքսանտրէթի, Տրապիզոնի, Սամսոնի, Սալոնիկի, Սիսի, Ատանայի, Կեսարիոյ, Վիեննայի, Մարսիլիայի, Անվերսի, Ժընեւի, Լըմինսթըրի, Փաթըրսընի, Միտըլպորոյի, ինչպէս նաեւ Խարթումի, Այնթապի, Լոնտոնի, Պրիւքսէլի, արեւմտեան Հոպոքընի, Թրոյի եւ Հարթֆորտի մէջ: Այսինքն, 1910-ի վերջաւորութեան, ...

կարդալ աւելին

Միութիւնը՝ Իր Առաքելութեան Ճամբուն Վրայ 1909-1912

Տիգրան Խան Քելէկեան (1868-1951) բնիկ կեսարացի: Իրանի դեսպանը Նիւ Եորքի մէջ, հնավաճառ` Փարիզի մէջ, մեկենաս (Փարիզի ՀԲԸՄ-ի Նուպարեան գրադարանի արխիւ):

1909-1910-ի Միջեւ Ստեղծուած ՀԲԸՄ-ի Մասնաճիւղեր

*Նիւ Եորք- բժ. Ա. Այվազեան, Մ. Գարակէօզեան, բժ. Ս. Գաբրիէլեան, Վ. Քիւրքճեան, Պ. Քաֆթանեան, Գ. Պէննէեան, Հ. Յ. Հիւրմուզ, Լ. Կոստիքեան

*Պոսթըն- Գ. Էսքերճեան, Գ. Մանուկեան, Ա. Պ. Սէլեան, Խ. Գրիգորեան, Մ. Մարտիկեան, Յ. Գալեմքէրեան, Ն. Թիւֆէնքճեան

կարդալ աւելին