8 Մայիս 1910-ին Գահիրէի մէջ գումարուած ընդհանուր ժողովին ներկայացուցած իր բարոյական տեղեկագիրին մէջ Պօղոս Նուպարը այսպէս կը ներկայացնէ իրավիճակը ամփոփ կերպով. «Հիմնուած նախկին վարչակարգին տակ, մասնաւորապէս դժուարին եւ նուրբ կացութեան մէջ, Միութիւնը […] ստիպուած եղաւ իր գործունէութիւնը սահմանափակելու շատ նեղ շրջանակի մը մէջ: […] Միայն Թուրքիոյ մէջ սահմանադրական վարչակարգի վերջնական վերահաստատումէն ետք է որ հիմնական խոչընդոտները [..] մեծ մասամբ վերացան եւ, անկէ սկսեալ, մեզի համար գործնապէս կարելի եղաւ աշխատիլ առանց տատամսումի եւ վերապահութեան»:31
Պէտք եղաւ սպասել մինչեւ 1910, որ այլեւս «չունենանք, ինչպէս անցեալին, միակ մտահոգութիւնը աղէտեալներու եւ սովահարներու նիւթական կարիքներուն հասնելու եւ կարենանք մեր օգնութեան մեծ մասը յատկացնել կրթական աշխատանքներու, աշխատանքի եւ արտադրութեան նոր աղբիւրներու ստեղծումին»:32 Այլ խօսքով՝ այս հաստատումը կը վկայէ, որ արեւելեան գաւառներու հայ բնակչութեան ընկերային եւ տնտեսական վիճակը զգալիօրէն բարելաւուած է: Այս իրողութիւնը պատճառ կ՚ըլլայ որ Միութիւնը կարենայ վերջապէս լծուիլ իր սկզբնական առաքելութեան: Անշուշտ, 1910-ի սկիզբը Միութիւնը դեռ իր պիւտճէի մէկ մասը կը յատկացնէ հրատապ օգնութիւն հասցնելու Կիլիկիոյ, Ատանայի, Տէօրթ Եոլի, Հաճընի, Մարաշի, Մուսա Լեռան, Զէյթունի հայութեան, բայց ան կը հասնի նաեւ Ալպիստանի, Արաբկիրի, Տիվրիգի, Երզնկայի, Մուշի, Սասունի, Ուրֆայի, Սեբաստիոյ եւ Զարայի հայ բնակչութեան կարիքներուն: Առկայ միջոցներու կարեւորագոյն մասը այսուհետեւ կը յատկացուի, որպէս ուղղակի օգնութիւն, Հասան Պէյլիի, Քիլիսի, Ակնի դպրոցներուն կամ որպէս նպաստ՝ լաւ կազմակերպուած կրթական միութիւններու, ...
Միութիւնը՝ Իր Առաքելութեան Ճամբուն Վրայ 1909-1912
Խարբերդի Սուրբ Յակոբ մանկապարտէզ. տնօրէն` հայր Վարդան Ասլանեան. հովանաւոր` ՀԲԸՄ: Խարբերդ, 25 Մայիս 1911 (ՀԲԸՄ-ի Նուպարեան գրադարանի արխիւ, Փարիզ):