ՀՀՀ Մուլթիմետիա Ել. Գիրքերու Շարք Ել.Գիրք#3: Դար Մը Պատմութիւն, ՀԲԸՄիութեան,(Գիրք 1) | 页面 22

Կիլիկիոյ մէջ իր ծրագիրներուն համար նիւթական ապահովելու նպատակով, Միութիւնը ձեռնարկեց ազգային դրամահաւաքի, արտօնութիւն ստացաւ կազմակերպելու վիճակահանութիւն մը, որուն մասնակցեցան մեծ թիւով եգիպտացիներ՝ վրդովուած Կիլիկիոյ քաղաքային բնակիչներուն դէմ կազմակերպուած վայրագութիւններէն. Ալ-Ազհարի հռչակաւոր համալսարանի մեծ շէյխը նոյնիսկ յայտարարութիւն մը հրատարակեց՝ այս տմարդի արարքները դատապարտող:25 5000 ե.ո., այսինքն այն ժամանակի հաշիւով $25000 յատկացուեցաւ Ատանայի, Տէօրթ Եոլի, Հաճընի, Մերսինի, Տարսոնի, ինչպէս նաեւ առժամաբար Կիպրոս, Եգիպտոս եւ Սուրիա ապաստանած կիլիկեցի անօթեւաններու ապրուստը ապահովելուն:26

Արդարեւ, 1909-ի ամառը կրնանք սեպել այն թուականը, որ կը համապատասխանէ Միութեան իսկական տարածումին Օսմանեան կայսրութեան մէջ, որուն մաս կազմող Կիլիկիոյ մէջ իր գործունէութիւնը -թէեւ լուսանցքային՝ համեմատած Պոլսոյ պատրիարքարանի աշխատանքին հետ- շատ դրական արձագանգ գտաւ: Այնուհետեւ Միութիւնը շատ արագ բարգաւաճեցաւ այնտեղ եւ տասնեակներով տեղական վարչութիւններ ստեղծուեցան ամբողջ Փոքր Ասիոյ տարածքին, բայց նաեւ Միացեալ Նահանգներուն մէջ՝ Նիւ Եորք, Փրովիտընս եւ Ֆիլատելֆիա: 25 Նոյեմբեր 1909-ի ժողովին որոշուեցաւ դիմել Գաբրիէլ Նորատունկեանին, որպէսզի վերջինս օսմանեան իշխանութիւններուն կողմէ հաստատել տայ Զմիւռնիոյ մէջ Միութեան մէկ վարչութեան ստեղծումը:27 1910 Փետրուար 18-ի ժողովը որոշեց նաեւ Տէօրթ Եոլի մէջ որբանոց մը հիմնել:28 Շնորհիւ գլխաւորաբար փարիզաբնակ հնավաճառ Տիգրան Խան Քելէկեանի պատկառելի նուիրատուութեան, Քելէկեան որբանոցի շինարարութեան նախապատրաստական աշխատանքները բաւական արագ սկսան:29 ...

կարդալ աւելին

1909-1910-ի Միջեւ Ստեղծուած

ՀԲԸՄ-ի Մասնաճիւղեր

Օսմանեան Կայսրութիւն

*Պոլիս- Գաբրիէլ Նորատունկեան, Մկրտիչ Էսայեան, բժ. Նազարէթ Տաղաւարեան, Արտաշէս Հիւրմուզ, Արթին Ասլանեան, Ա. Շմաւոնեան, Ե. Գարակէօզեան, Մ. Մանուկեան եւ Ի. Իփրանոսեան

*Զմիւռնիա- բժ. Պ. Քոնսթանս, Կ. Եսայեան, Ա. Աւետիսեան, Մ. Ազնաւուրեան, Կ. Արապեան, Մ. Մօրուքեան, Է. Էքիզլեր, Յ. Ալփիար, Յ. Հարենց

*Մակնեզիա- Մ. Քէօլեան, բժ. Յ. Սանտալճեան, Յ. Ունճեան, Յ. Ճինկիլեան, Մ. Աստուրեան

*Մերսին- Մ. Զելվէեան, Պ. Ուրֆալեան, Յ. Չէրչեան, Վ. Էքսերճեան, Մ. Քելէճեան

*Պուրսա- Գ. Մկրտիչեան, Մ. Նիկողոսեան, Պ. Կէնլիպէօյիւքեան, Ս. Զարիֆեան, Օ. Խուպխոշեան

*Սեբաստիա- Զ. Աւետիքեան, բժ. Գ. Սիւնի, Ս. Թովմաճեան, Մ. Տէյիրմէնճեան, Տ. Շիրինեան, Մ. Օտապաշեան, Մ. Քիւրքճեան

*Երզնկա- Յ. Լէփեան, Գ. Սիւրմէեան, բժ. Տ. Փափազեան, Գ. Լէփեան, Խ. Ալթունեան, Ե. Փերտահճեան

կարդալ աւելին

Ատանան եւ Տէօրթ Եոլը 1909-ի Ապրիլին. Անկիւնադարձ Միութեան Պատմութեան Մէջ