Միութեան առաջին նշանակալից մարդասիրական նախաձեռնութիւնը հետեւանք է Կիլիկիոյ կոտորածներուն, որոնք կը սկսին 13 Ապրիլ 1909-ին եւ պատճառ կ՚ըլլան 25 000 մեռեալներու, հազարաւոր վիրաւորներու եւ անօթեւաններու բազմութեան մը: Ատանայի պէս քաղաքներու սահմաններուն մօտ անկայուն պայմաններու մէջ վրաններու տակ ապրող այս աղէտեալներուն պէտք էր ապահովել բժշկական խնամք, սնունդ եւ յանձն առնել անոնց բազմաթիւ որբերու խնամատարութիւնը: Ճիշդ է, Պոլսոյ պատրիարքարանը յանձն առաւ հարցի քաղաքական տնօրինումը, բժշկական գործօն առաքելութիւն ունեցող խումբ մը ղրկեց աղէտի գօտի եւ ստանձնեց որբանոցներու կազմակերպումը, սակայն Միութիւնը այս առիթով ապացոյցը տուաւ բոլորին իր գործունէութեան արդիւնաւէտութեան՝ վերապրողներուն օգնելով մեծ արագութեամբ եւ աղէտեալներուն մէկ մասը ժամանակաւորապէս հիւրընկալելով Եգիպտոսի մէջ: Առանց ժամանակ կորսնցնելու Տէօրթ Եոլ (Ալեքսանտրէթի ծոցի խորքը) ապաստանած 10 000 գաղթական հայերը պատգամ մը ղրկեցին Միութիւն՝ խնդրելով, որ ան ստանձնէ ալիւր մատակարարելը անկանոն զինեալներու կողմէ շրջապատուած այս գիւղացիներուն, որոնց սնունդի պաշարը հատնելու վրայ էր: Նկատի առնելով կացութեան ճգնաժամային բնոյթը, Պ. Նուպարը եւ Ե. Աղաթօնը անմիջապէս գացին Գահիրէի մէջ Իտալիոյ հաւատարմատարին քով՝ համոզելու համար զինքը, որ հեռագիր ղրկէ Տէօրթ Եոլէն երկու ժամ հեռու գտնուող Ալեքսանտրէթի Իտալիոյ փոխ-հիւպատոս Մ. Քարթոնիին, որպէսզի իտալացի դիւանագէտը անձամբ բեռ մը ալիւր հասցնէ պաշարեալներուն: Քառասունութ ժամ անց Մ. Քարթոնին տեղ կը հասցնէր ապրանքը, որուն համար Միութիւնը հեռագրային ճամբով վճարած էր:23
Անշուշտ Միութեան գործունէութիւնը Կիլիկիոյ մէջ չսահմանափակուեցաւ միայն այս նախաձեռնութեամբ: Պէտք է յիշել արդարեւ, որ կոտորածներուն կը յաջորդէին աւերն ու թալանը, որոնք վերապրողները կը ձգէին ընկերային-տնտեսական աղէտալի վիճակի մէջ. այն ժամանակ հաշուած են 90 000 անապաստան, 7903 որբ եւ քանդուած 4823 տուն, ագարակ, դպրոց, եկեղեցի, խանութ եւ կրպակ:24
Ատանան եւ Տէօրթ Եոլը 1909-ի Ապրիլին. Անկիւնադարձ Միութեան Պատմութեան Մէջ
ՀԲԸՄ-ի Տէօրթ Եոլի Քելէկեան որբանոցը 1913-ին (ՀԲԸՄ-ի Նուպարեան գրադարանի արխիւ, Փարիզ):