ՀՀՀ Մուլթիմետիա Ել. Գիրքերու Շարք Ել.Գիրք#3: Դար Մը Պատմութիւն, ՀԲԸՄիութեան,(Գիրք 1) | Page 20

Տրամադրելի բոլոր միջոցները կը յատկացուին, 1907-1908-ին, Վանի, Ակնի, Պիթլիսի, Սղերդի, Մուշի, Սասունի, Տիվրիգի, Սեբաստիոյ, Հաճընի, Արաբկիրի, Բալուի, Կիւրիւնի, Թոքաթի, Էլպիստանի, Երզնկայի, Խիզանի, Չմշկածագի, Տիգրանակերտի սովեալներուն: Անոնք ենթակայ են կանոնաւոր պարբերականութեամբ տիրող սովին՝17 հետեւանք հարկային ճնշումները վաչկատուն ցեղախումբերու թալանային յարձակումներով զուգորդող համիտեան քաղաքականութեան: Կասկածէ վեր է, որ 1895-1896-ի կոտորածներէն ետք Պոլսոյ ճնշումը հայ բնակչութեան վրայ երբեք չէ թուլցած եւ կը միտի զայն տեւական թշուառութեան մէջ պահելու:

Գալով Միութեան զարգացումին՝ նկատելի է, որ այս շրջանին է որ կը ստեղծուի առաջին ամերիկեան վարչութիւնը` Պոսթընի մէջ, եւ առաջին եւրոպական վարչութիւնը՝ Մանչեսթըրի մէջ, 1908-ին:18 Բայց Միութեան գործունէութեան իսկական սկիզբը սերտօրէն կապուած է երիտ-թուրքերու 1908 Յուլիսի «յեղափոխութեան» հետ, յեղափոխութիւն, որ առիթ կու տայ հաւաքական ուրախութեան տեսարաններու եւ որուն ...

կարդալ աւելին

Ատանա, 1909, hայ գաղթականները քաղաքի ծայրամասերուն մէջ (լուսանկարը` SGF-ի):

Վահան Մալէզեան (1871-1966), Գահիրէի փաստաբանական ատեանի անդամ, հիմնադիրներէն Սահմանադրական-Ժողովրդավար (Ռամկավար) Կուսկացութեան (1908), որ 1921-ին վերածուեցաւ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան, Միութեան վարչական պատուիրակ 1923-էն 1947 (ՀԲԸՄ/ Փարիզի Նուպարեան գրադարանի հաւաքածոյ):

ՀԲԸՄ-ի առաջին եւրոպական մասնաճիւղը` 1909-ին Մանչեսթըրի մէջ հիմնուած. ձախէն աջ` Սարգիս Գույումճեան, Ս. Շնորհաւորեան, Մհիրան Մանուկեան` նախագահ, Մ. Պաքրճեան, Գ. Ք. Ֆնտքլեան, Տ. Իփլիքճեան (ՀԲԸՄ /Փարիզի Նուպարեան գրադարանի հաւաքածոյ):

Երտթուրքերու Յեղափոխութիւնը Եւ ՀԲԸՄ-ի Առաջին Նախաձեռնութիւնները - Հայու Ճակատագիր (Տեսանիւթ)

Միութեան Առաջին Քայլերը (1906-1909)

Համիտեան Վարչակարգին Եւ Երիտ-թուրքերու «Յեղափոխութեան» Միջեւ