ՀՀՀ Մուլթիմետիա Ել. Գիրքերու Շարք Ել.Գիրք#3: Դար Մը Պատմութիւն, ՀԲԸՄիութեան,(Գիրք 1) | Página 19

Ճիշդ է, Միութիւնը իր առաջին խորհրդանշական օգնութիւնը Կովկասի աղէտեալներուն հասցուց, սակայն բացայայտ է, որ բոլոր հայերու մտահոգութիւններու կեդրոնը հանդիսացող ասպարէզը կը մնար Օսմանեան կայսրութեան հպատակներուն տխուր վիճակը: Արդ, հայկական գաւառներուն մէջ օգնութեան ծրագիրներ մշակելը դիւրին բան չէր տիրապետութեան տակ սուլթան Ապտուլ Համիտին, որուն գաղտնի ոստիկանութիւնը նման ամենափոքր նախաձեռնութեան անգամ մօտէն կը հետեւէր: Ըստ հիմնադիրներու վկայութիւններուն, Թուրքիա օգնութիւն ղրկելու համար հին վարչակարգի օրով Միութիւնը ստիպուած էր օգտագործելու դիւանագիտական եւ հիւպատոսական ուղիներ՝ […] «դրամատնային չէքեր առաքելով իւրաքանչիւր շրջանի կրօնաւոր պետերուն»: Շուտով Գահիրէն ողողուեցաւ օգնութեան դիմումներով: Իր 6 Դեկտեմբեր 1906-ի նիստին Կեդրոնական Խորհուրդը կը քննէ դիմում մը ի նպաստ Վանի եւ Ակնի բնակչութեան, որ սովի մատնուած էր։ Լիմ եւ Կտուց կղզիներու վանական միաբանութիւններէն մէկ հաւաքական դիմում մը՝ ի նպաստ վանքերու պահպանումին, հրատապ կոչ մը Էտիրնէի Առաջնորդէն՝ ի նպաստ հայկական թաղամասի դիտումնաւոր հրդեհի զոհերուն: Հետաքրքրական է հաստատել, որ նկատի կ՚առնուին միայն Վանի եւ Ակնի սովի զոհերուն ի նպաստ դիմումները, որովհետեւ «Էտիրնէն Հայաստանէն դուրս կը գտնուի»:14 Մարտին, երբ սովը կը շարունակուէր տակաւին Վանի վիլայէթին մէջ, Միութիւնը կ՚որոշէ նիւթական նոր օժանդակութիւն հասցնել հոն. անոր կէսը պիտի ծառայէր ցորեն գնելու, իսկ միւս կէսով սերմնացու պիտի գնուէր գիւղացիներուն համար: Կարկճանի Սուրբ Գէորգ եւ Մշոյ Սուրբ Կարապետ վանքերը, որոնք բազմաթիւ որբեր կը պահէին, նոյնպէս օգնութիւն կը ստանան: Բայց այդ տարի՝ 1907-ին, սովը գրեթէ համատարած է հայկական բոլոր գաւառներուն մէջ, ինչպէս կը վկայէ Օրմանեան պատրիարքին մէկ նամակը:15 ...

կարդալ աւելին

Միութեան Առաջին Քայլերը (1906-1909)

Համիտեան Վարչակարգին Եւ Երիտ-թուրքերու «Յեղափոխութեան» Միջեւ

Միութեան Անդամները 1907 Մայիսին

• Գահիրէ` 418

• Աղեքսանդրիա` 282

• Եգիպտոսի այլ

մասնաճիւղեր` 82

• Եւրոպա` 9

• Ինտոնեզիա` 9

• Ճիպութի` 12

• Եթովպիա` 3

Միութեան Անդամները 1909 Մայիսին

• Գահիրէ` 438

• Աղեքսանդրիա` 175

• Եգիպտոսի այլ

մասնաճիւղեր` 84

• Սուտան` 24

• Փարիզ` 5

• Մարսիլիա` 20

• Մանչեսթըր` 36

• Ինտոնեզիա` 10

• Ճիպութի` 12

• Եթովպիա`3

• ԱՄՆ/Պոսթոն` 89

* états-Unis/Boston: 89