Իրաւական հիմքերու դրուելէն ետք, Միութիւնը կը տարածուի բոլոր ցամաքամասերուն վրայ, բայց այնպիսի ապշեցուցիչ արագութեամբ մը, որ կ՚արժէ ուշադիր քննութեան ենթարկել երեւոյթը: Պէտք է նախ նշել, որ Միութեան ստեղծումը պարզապէս յաւելեալ բարեսիրական միութեան մը ծնունդին չի համապատասխաներ: Հայկական մամուլը, որ կը մեկնաբանէ այս նախաձեռնութիւնը, ճիշդ կը գնահատէ զայն, իրաւացիօրէն խանդավառութեամբ կամ առնուազն բարեացակամութեամբ կ՚ընկալէ: Ի տարբերութիւն այլ կազմակերպութիւններու, որոնց աշխատանքային ծիրը զուտ տեղային է, կամ ազգային հաստատութիւններու` ինչպէս Պոլսոյ Պատրիարքարանը, որոնց գործելադաշտը Օսմանեան կայսրութեան տարածքն է միայն, Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւնը կ՚առաջադրէ ստեղծել համահայկական համաշխարհային ցանց մը, որ կրնայ ընդգրկել միաժամանակ Եւրոպայի, Ասիոյ եւ Ամերիկայի բոլոր գաղութներուն հայերը: Աւելին. իր գործունէութիւնը հիմնած է աշխարհիկ ըմբռնումի մը վրայ, ինչ որ համագործակցութեան առիթ կու տայ ...
Կարապետ Շիրիտճեան (1852-1926), Եգիպտոսի հանրային կրթութեան նախարարութեան բարձրաստիճան պաշտօնեայ, Միութեան հիմնադիրներէն մէկը, որ գլխաւորաբար կրթական հարցերով կը զբաղէր (ՀԲԸՄ/ Փարիզի Նուպարեան գրադարանի հաւաքածոյ):
Եագուպ Արթին փաշա (1842-1919), հնագէտ, Եգիպտոսի հանրային կրթութեան նախարարութեան պետական փոխ-քարտուղար, եգիպտական հնութիւններուն վերաբերող ուսումնասիրութիւններու հեղինակ, Միութեան հիմնադիրներէն մէկը (ՀԲԸՄ/ Փարիզի Նուպարեան գրադարանի հաւաքածոյ):
Մկրտիչ Անդրանիկեան (1851-1938), ելեւմտագէտ, Միութեան հիմնադիր անդամ եւ առաջին գանձապահ (ՀԲԸՄ/ Փարիզի Նուպարեան գրադարանի հաւաքածոյ):
Առաքել Նուպար (1881-1954)` Պօղոսի որդին. ելեւմտագէտ, ձեռներէց, Միութեան հիմնադիրներէն մէկը (ՀԲԸՄ/ Փարիզի Նուպարեան գրադարանի արխիւի հաւաքածոյ):
Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան Ծնունդը