ՀՀՀ Մուլթիմետիա Ել. Գիրքերու Շարք Ել.Գիրք#3: Դար Մը Պատմութիւն, ՀԲԸՄիութեան,(Գիրք 1) | Page 17

15 Ապրիլ 1906-ին Պօղոս Նուպար Գահիրէի իր տունը կը հրաւիրէ Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան սահմանադիր ժողովը: Սեղանին շուրջ են տարբեր տիպի տաս հայեր: Կարելի է մտածել, որ երեւելիներու խումբ մըն էին անոնք, այդպէս չէ սակայն, զանազան կարողութիւններու տէր մարդոց համախմբում մըն է եղածը: Հոն է Երուանդ Աղաթօնը, որ ծրագիրի անվիճելի նախաձեռնողն է (ան կ՚ընդունի, որ ներշնչուած է նախագիծէն, որուն համահեղինակներէն էր 1868-ին մահացած իր հայրը): Երկար ժամանակ ան պիտի ըլլայ Միութեան մեծ ծրագիրները ներշնչող անձը:

Աղաթօնի կողքին է Եագուպ Արթին Փաշան` մշակոյթի մարդ մը, որ փոխ-նախագահ կ՚ընտրուի, որուն հանդէպ եգիպտագիտութիւնը մեծապէս պարտական է: Ան քաջատեղեակ է կրթական հարցերու (հանրային կրթութեան փոխ-նախարար եղած է): Կարապետ Շիրիտճեանն ալ դպրոցական հարցերու մասնագէտ է եւ մեծ ներդրում ունի եգիպտական դպրոցական ցանցի ստեղծումին մէջ:

Միւս անդամներն են. ընդհանուր քարտուղար բժ. Նազարէթ Տաղաւարեանը, որ հաւանաբար ամէնէն բազմատարր անհատականութիւնն է խումբին. բժիշկ է գիւղատնտես եւ գրող: Ան զբաղած է յատկապէս Միութեան առողջապահական եւ հանրային առողջապահութեան վերաբերեալ քաղաքականութեամբ: Մկրտիչ Մարկոսովը (1849-1919) Թրիեսթէ ծնած, Փարիզ ուսանած ճարտարագէտ (Ponts-et-chaussees), որուն շատ բանով պարտական են եգիպտական ենթակառոյցները, ...

կարդալ աւելին

Միութեան հիմնադիր ժողով, 15 Ապրիլ 1906: Երգիծանկարը` Ալեքսանդր Սարուխանի (ՀԲԸՄ/ Գահիրէի արխիւ):

Երուանդ Աղաթօն (1860-1935), Ֆրանսա ուսանած գիւղատնտեսութեան ճարտարագէտ, Ապտուլ Համիտի ժամանակ գիւղատնտեսութեան ընդհանուր տեսուչ (1884-1896), Եգիպտոսի գիւղատնտեսութեան նախարարութեան բարձրաստիճան պաշտօնեայ (ՀԲԸՄ/ Փարիզի Նուպարեան գրադարանի արխիւի հաւաքածոյ):

Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան Ծնունդը