ՀՀՀ Մուլթիմետիա Ել. Գիրքերու Շարք Ել.Գիրք#3: Դար Մը Պատմութիւն, ՀԲԸՄիութեան,(Գիրք 1) | Page 16

Ինչո՞ւ Գահիրէ, ինչո՞ւ 1906-ին: Հարցը կ՚արժէ սկիզբէն դնել` ճիշդ հասկնալու համար Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան հիմնադիրներու դրդապատճառները եւ այն միջավայրն ու պայմանները, որոնց մէջ անոնք կ՚ առնեն հիմնումի նախաձեռնութիւնը: Արդարեւ, պէտք է գիտնալ, որ Գահիրէն այդ ժամանակ տնտեսական բուռն զարգացման մէջ եղող քաղաք է, այո, բայց մանաւանդ կարեւոր կեդրոն է օսմանեան ընդդիմութեան: Հոն ապաստանած են համիտեան վարչակարգի բոլոր վտարեալները` քաղաքական ընդդիմադիր երիտ-թուրքեր, շնորհազուրկ եղած բարձրաստիճան պաշտօնեաներ, հայ յեղափոխականներ, գրողներ ու լրագրողներ, որոնց հանդէպ սուլթան Ապտուլ Համիտը յատուկ խորշանք կը տածէր: Օսմանեան կայսրութեան բաղդատմամբ` Եգիպտոսը այս բոլոր փարիաներուն համար ազատութեան ովասիս էր, բնական աքսորավայր մը, ուր այս մարդիկը վստահ էին որ բարեացակամ ընդունելութիւն պիտի գտնեն: Միութեան բոլոր հիմնադիրները ծնած էին արդէն օսմանեան մայրաքաղաքին մէջ կամ գաւառներու ծնունդ էին, եւ ստիպուած էին 1894-1896-ի համիտեան կոտորածներէն առաջ կամ ետք լքելու իրենց ծննդավայրը` նոր կեանք մը սկսելու համար Նեղոսի ափերուն վրայ: Դարասկիզբի հայաշխարհի մարդոց առջեւ դրուած հիմնախնդիրը ապագան է օսմանեան հայերուն` տեւաբար հալածուած ...

կարդալ աւելին

ՀԲԸՄ-ի հիմնադիր Պօղոս Նուպար (1851-1930) (ՀԲԸՄ/ Փարիզի Նուպարեան գրադարանի արխիւի հաւաքածոյ):

Բժիշկ Նազարէթ Տաղաւարեան (1862-1915), բժիշկ, գիւղատնտեսութեան ճարտարագէտ, Պոլսոյ Ազգային Հիւանդանոցի տնօրէն ՀԲԸՄ-ի առաջին ընդհանուր քարտուղար, Օսմանեան Խորհրդարանի երեսփոխան (1908-1915), Պոլսոյ եւ փոքր Ասիոյ մասնաճիղերու հիմնադիր (ՀԲԸՄ/ Փարիզի Նուպարեան գրադարանի արխիւի հաւաքածոյ):

Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան Ծնունդը

Les origines de l’UGAB-

Destin arménien (video)