ՀՀՀ Մուլթիմետիա Ել. Գիրքերու Շարք Ել.Գիրք#3: Դար Մը Պատմութիւն, ՀԲԸՄիութեան,(Գիրք 1) | Page 15

1894-1896-ի կոտորածներուն հետեւանքով ստեղծուած մարդկային այս ողբերգութիւնները, սակայն, պէտք չէ մոռցնել տան, որ օսմանեան պետութեան կողմէ հրահրուած այս զանգուածային բռնութիւնները նոյն օսմանեան պետութեան հակազդեցութիւնն էին բարեփոխուելու իր անկարողութեան եւ Սուլթան Ապտուլ Համիտի «Ժողովրդագրական» յաճախանքին: Արդարեւ, 1878-ի Պեռլինի աղէտալի դաշնագրէն ի վեր, որ Օսմանեան կայսրութենէն անջատեց եւրոպական իր տարածքներուն մէկ կարեւոր մասը եւ Պոսնիայէն ու Պուլկարիայէն իսլամ «մուհաճիր»ներու առաջին ալիքը յառաջացուց, կը թուի թէ սուլթանը համոզուած էր, որ անհրաժեշտ էր «նուազեցնել» հայ տարրը եւ պակսեցնել անոր ազգագրական կշիռը արեւելեան նահանգներուն մէջ: Եթէ Արեւմտեան Անատոլիայի հայ բնակչութիւնը զինք շատ չէր անհանգստացներ, հակադրաբար, իրեն անտանելի վտանգաւոր կը թուէր գոյատեւումը համայնքային օրրանի մը, ուր կեդրոնացած էր կարեւոր թիւով հայկական բնակչութիւն մը: Պոլիս հաստատուած հայ ընտրանին վստահաբար չէ անդրադարձած այս օրրանի կարիքներուն եւ անոր անհետացումի վտանգին մինչեւ համիտեան կոտորածները եւ այնտեղ զարգացող ինքնապաշտպանական շարժումներուն շուրջ ստեղծուած աղմուկը:

Յարակարծօրէն, կայսրութեան արդիականացման եւ կեդրոնացած համակարգի ստեղծման ուղղութեամբ եղած ճիգերը օգտակար եղան մանաւանդ ճնշուած խմբաւորումներուն: ...

կարդալ աւելին

Սեբաստիոյ ազգային որբանոց, 1902 (ՀԲԸՄ/ Փարիզի Նուպարեան գրադարանի արխիւի հաւաքածոյ):

Նուպար Փաշա (1825-1899), եգիպտական մի քանի կառավարութիւններու վարչապետ (ՀԲԸՄ/ Փարիզի Նուպարեան գրադարանի արխիւի հաւաքածոյ):

Գթասրտութիւն, Բարեգործութիւն Եւ Մարդասիրական Գործունէութիւն.

Աւանդութիւններ Եւ Փոփոխութիւններ