ՀՀՀ Մուլթիմետիա Ել. Գիրքերու Շարք Ել.Գիրք#3: Դար Մը Պատմութիւն, ՀԲԸՄիութեան,(Գիրք 1) | Page 14

Վաղ ժամանակներէ ի վեր մարդկային հաւաքականութիւնները անկարներու եւ տկարներու հանդէպ գթասրտութիւն ցուցաբերած են: Արեւմուտքի մէջ քրիստոնեայ եկեղեցիներն են, բնականաբար, որ յանձն առած են ընկերային անհաւասարութիւնները սրբագրելու եւ հասարակութեան անդորրը ապահովելու միտող այս դարը: Հայաստանը բացառութիւն չէ կազմած այս տեսակէտէն. այս իրողութիւնը կը հաստատեն հայկական եկեղեցական ու քաղաքացիական օրէնքները, որոնք, 6-7-րդ դարերուն արդէն օրէնսգիրքով ամրագրած են Հաստանեայց Եկեղեցիի պարտականութիւնները. եկեղեցին պէտք է ծերանոցներ պահէր եւ օգնէր թշուառներուն: Աշոտ Ողորմած, Անիի Բագրատունի թագաւորը, 1000-ական թուականներուն, կը ներկանայ որպէս տիպարը աւետարաններու պատգամած քրիստոնէական վեհանձնութենէն ներշնչուած արքայի: 19-րդ դարուն, սակայն, եկեղեցի-բարեսիրութիւն միասնութիւնը չի սահմանափակուիր ընկերային բարեսիրութեան ոլորտով, այլ կ’ընդլայնի` ընդգրկելու համար կրթութիւնն ու առողջապահութիւնը` յատկապէս ամերիկացի աւետարանական միսիոնարներու եւ նուազ չափով մը, կաթողիկէ միսիոնարներու ազդեցութեան տակ: Այդ օրերուն քրիստոնէական պատգամը կը նոյնանար այն բարեսիրական օգնութեան հետ, որ միսիոնարները կը բաժնէին համայնքի մը պահանջներուն գոհացում տալու համար: Հաւանաբար 1894-1896-ի համիտեան կոտորածներէն ետք է որ Օսմանեան կայսրութեան հայերը` կոտորուած եւ ընկերային-տնտեսական աղէտալի վիճակի մատնուած, ...

կարդալ աւելին

Կեսարիոյ աղէտեալներու Օգնութեան Կոմիտէի անդամները` շրջապատուած օգնութիւն ստացողներով: 1886-ին հիմնուած այս աշխարհիկ կազմակերպութիւնը հայակական շրջանակի մէջ գործող առաջին միութիւններէն մէկն էր: Լուսանկարը 17 Մայիս 1899 թուակիր է (ՀԲԸՄ-ի արխիւ/ Գահիրէի հաւաքածոյ):

Մաղաքիա Օրմանեան պատրիարքը 1896-ին (ՀԲԸՄ /Փարիզի Նուպարեան գրադարանի արխիւի հաւաքածոյ):

Գթասրտութիւն, Բարեգործութիւն Եւ Մարդասիրական Գործունէութիւն.

Աւանդութիւններ Եւ Փոփոխութիւններ