Գաղթակայաններու Վերացումէն Մինչեւ Ալեքսանտրէթի Սանճաքի Պարպումը՝ Միութիւնը Կը Փոխարինէ Նանսէնեան Գրասենեակը
Հակառակ այս ժամանակաւոր դժուարութիւններուն, Նանսէնեան Գրասենեակը, 1930-ականներու երկրորդ կէսին, գործակցաբար հայ եւ օտար կազմակերպութիւններու հետ եւ հովանաւորութեամբ ֆրանսական Բարձր քոմիսէրութեան, շարունակեց աշխատիլ ի նպաստ բոլոր հայ գաղթականներու քաղաքային նոր թաղամասերու մէջ տնաւորման՝ այսպիսով անվերադարձ վերջ դնելով գաղթակայաններու եւ պատահական կացարաններու դիւցազներգութեան: Այս աշխատանքը շարունակուեցաւ բնականոն կշռոյթով: Այն աստիճան, որ 1935-ին լիբանանեան կառավարութիւնը յայտարեց, որ մինչեւ Սեպտեմբեր 1935 պիտի քանդուին Ամանոս եւ Եոզկաթ գաղթակայաններու վերջին տնակները: Այս հրահանգներու ենթարկուելով՝ երեք հարիւր տնակներու տէրերը իրենք քանդեցին իրենց տուները, եւ Նանսէնեան Գրասենեակի եւ Միութեան զօրակցութեամբ, լքեցին վայրը եւ գացին իրենց համար շինուած թաղամասերը: Նոյն ժամանակ Պէյրութի չորս հարիւր յիսուն գաղթական ընտանիքներ դրամահաւաք ըրին իրենք իրենց մէջ՝ հաւաքելու համար 70000 ֆրանք եւ նախաձեռնելու կառուցմանը նոր թաղամասի մը: Գումարը պահ դրուեցաւ դրամատան մէջ՝ երեսփոխաններ Վահրամ Լէյլէքեանի եւ Միութեան պատուիրակ բժիշկ Յ. Թոփճեանի անունով: Գաղթականներու բարի կամեցողութեան այս արարքը տեսնելով՝ Լիբանանի իշխանութիւնները համաձայնեցան երկարաձգելու տնակներու քանդումին ժամկէտը:
Պէյրութի գաղթակայաններու այս վերջին պարպումները կը վերաբերէին յատկապէս եոզկաթցի, թոմարզացի եւ Ամանոսի գիւղերէն եկող հայերու. վերջիններս կազմեցին երեք կոմիտէներ՝ այս երեք շրջաններու ներկայացուցիչներով,որոնք պատասխանատու էին վերահսկման նոր թաղամասերու շինարարական աշխատանքներուն՝ Պուրճ Համուտի մէջ եւ շրջակայքին: ...
Հայ գաղթականները Ալեքսանտրէթի նաւահանգիստին մէջ կը սպասեն դէպի Սուրիա եւ Լիբանան մեկնումին, 1939 (Փարիզի ՀԲԸՄ-ի Նուպարեան գրադարանի արխիւ):
Հայկական Թաղամասերու Կառուցումը Լիբանանի Եւ Սուրիոյ Մէջ. Միութեան Մասնակցութիւնը Այս Գործին